Միքաթի Ընդունեց Պըրնզը Եւ Ֆլեչըրի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
By adminx - Fri Jul 13, 7:57 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզը, որ շուրջ ժամը 8:00-ին ժամանեց Լիբանան եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ վարչապետարան:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ շնորհաւորած է վարչապետ Միքաթին 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրը վաւերացնելու առիթով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ եօթը տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի այդ մէկը եւ ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնը յանձնառու է իր ստանձնած պարտականութիւններուն:
Ֆլեչըր ողջունեց նաեւ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` գնահատելով Լիբանանի պատասխանատուութիւնը` միջազգային իր յանձնառութիւններուն մէջ:
Ֆլեչըր նշեց, որ վարչապետ Միքաթի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 27 յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու բացման պաշտօնական արարողութեան:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որ դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանելու նպատակով:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Պրիժիթա Իպըրլին, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց Պերլինի մէջ վերջինիս ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




