«Մոսկուա Սուրիոյ Հարցով Արեւմտեան Նոր Բանաձեւին Պիտի Չզօրակցի» Յայտարարեց Կաթիլով
By adminx - Fri Jul 13, 7:33 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ հարցով արեւմտեան նոր բանաձեւին պիտի չզօրակցի: Ան նշեց, որ այդպիսի որոշում մը կրնայ Դամասկոսի դէմ ուժի կիրարկման առաջնորդել:
Կաթիլով յայտնեց, որ Մոսկուա Ապահովութեան խորհուրդի իր գործընկերներուն բազմաթիւ անգամներ ըսած է, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 7-րդ յօդուածին հիմամբ որոշումի մը հրապարակումը պիտի չընդունի` շեշտելով, որ ապագային ուժ կիրարկելու վճռակամութենէն մղուած որոշումի բանաձեւումը Ռուսիոյ համար անընդունելի է:
Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է շարունակել Ժընեւի համաձայնութեան ընձեռած առիթէն օգտուիլ` նշելով, որ այդ մէկը արտաքին բոլոր դերակատարներէն կը պահանջէ հաւասարապէս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հետ գործել` յիշեցնելով, որ Մոսկուա իշխանութեան եւ ընդդիմութեան բոլոր կողմերուն հետ կապ հաստատելու իր ընթացքին հիմամբ այս շաբաթ ընդդիմադիր Սուրիական ժողովրդավարական համախմբումի եւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ հիւրընկալեց:
Ռուս դիւանագէտը զգուշացուց սուրիական ընդդիմութեան կարգ մը հատուածներու` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը բանակցութեան հոլովոյթէն հեռու պահելու կտրուկ կեցուածքէն` նշելով, որ ատիկա Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութեան ընթացք տրուելուն առջեւ արգելք մըն է:
«Եթէ բանակցային հոլովոյթի մը սկսելու քաղաքական փափաք ու կամք գոյութիւն ունի, ապա պէտք է ճկունութիւն ցուցաբերել, այլապէս` այդ մէկը փակուղի պիտի առաջնորդէ», ընդգծեց Կաթիլով:
«ՄԻԿ նիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ արեւմտեան երկիրներու պատրաստած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը Սուրիոյ իշխանութիւններուն տասը օրուան պայմանաժամ կու տայ զինուորական գործողութիւններուն դադրեցման համար, այլապէս` սուրիական կառավարութեան դէմ պիտի կիրարկուին տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներ: Բանաձեւին քուէարկութիւնը կը նախատեսուի կատարել 20 յուլիսէն ոչ ուշ:
Ռուսիա արդէն յայտարարած է, որ պիտի չընդունի պատժամիջոցներ նախատեսող բանաձեւը: Նոյնպիսի դիրքորոշում ունի նաեւ Չինաստան, որ Ռուսիոյ նման Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունք ունի:
Vz.ru կայքէջը` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի մէջ պաշտօնավարող դիւանագէտներ, իր կարգին կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Միացեալ Նահանգներ չորեքշաբթի օր Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ վերջնագիրի ձեւով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կ՛առաջարկէ կատարել ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին պահանջները:
Եթէ այդ ընթացքին Սուրիոյ իշխանութիւնները չգործադրեն ապրիլին Անանի առաջարկած ծրագիրին կէտերը, ապա Արեւմուտքը պիտի պնդէ «անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել` ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 41-րդ յօդուածին կիրարկումով»: Նշենք, որ 41-րդ յօդուածը կը թոյլատրէ տնտեսական պատժամիջոցներ, սակայն ոչ արտաքին զինուորական միջամտութիւն:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Անան Ժընեւի մէջ յայտարարած է, որ Ասատ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուցիչ մը նշանակած է ընդդիմութեան հետ անցումային կառավարութեան ստեղծման կարելիութիւնը քննարկելու համար:
«Ան ինծի անուն տուած է, իսկ ես անոր հասկցուցի, որ այդ մարդուն մասին աւելին կ՛ուզեմ գիտնալ», ըսած է ան:
Ըստ անոր, յառաջիկայ քանի մը օրերուն յայտնի պիտի ըլլայ, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ առնչութեամբ ի՛նչ քայլերու նախաձեռնելու մտադիր է:
Անան նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման քաղաքական հոլովոյթի նախագիծը նաեւ Իրանի կառավարութեան աջակցութեան արժանացած է:
Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նաուաֆ Ֆարես ազատ կը կացուցուի իր պաշտօնէն եւ այսուհետեւ Պաղտատի դեսպանատան հետ որեւէ կապ չունի, որովհետեւ իր պաշտօնին հակասող յայտարարութիւններ կատարած է:
Նշենք, որ Ֆարես յայտարարած էր, որ սուրիական վարչակարգէն կ՛անջատուի եւ կը միանայ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ կը հրաժարի Պաաս կուսակցութեան անդամակցութենէն: Ան ուրիշներու եւս կոչ ուղղած էր իր օրինակին հետեւելու:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պաղտատի մէջ Սուրիոյ դեսպանը Իրաքէն մեկնած է եւ ան այժմ Քաթար կը գտնուի:
Միւս կողմէ, թրքական բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ վերեւ վար առնուած թրքական կործանիչին վերաբերող հաղորդագրութեան մը մէջ նշած է, որ ատոր վրայ հրթիռի որեւէ հետք չէ յայտնաբերուած:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը նշեալ հաղորդագրութեան վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալու համար դիմած է հանգստեան կոչուած զօր. Ալի Էրին, որ նշած է, թէ կործանիչը կրնայ ջախջախուած ըլլալ ոչ թէ հարուածի, այլ դժբախտ պատահարի պատճառով:
Ան յայտնած է, որ այդ մասին կը վկայէ նաեւ այն, որ օդանաւին վրայ այրուող նիւթի որեւէ հետք չէ յայտնաբերուած: «Եթէ անիկա կործանած է արկածի պատճառով, ապա ատիկա երեք պատճառ կրնայ ունեցած ըլլալ` օդանաւի անսարքութիւնը, օդաչուական սխալը կամ անյայտ մարմինի մը հետ բախումին պատճառով կործանում», ըսած է զօրավարը: Ան յայտնած է, որ «անյայտ մարմին»-ը կրնար տարածքին մէջ պտըտող առանց օդաչուի թռչող սարք մը ըլլալ:
Հանգստեան կոչուած թուրք զօրավարը նաեւ ընդգծած է, որ Սուրիա քաղաքական շահերէ մեկնելով կրնար ստանձնել օդանաւին կործանման պատասխանատուութիւնը: «Ատիկա կրնար նաեւ նշանակել, որ Սուրիա Թուրքիան շրջանին մէջ ազդեցիկ ուժ չի նկատեր», ըսած է ան:
Էր չէ բացառած նաեւ այն, որ կործանիչին դէմ կրնայ գործուած ըլլալ յարձակում մը, որմէ օդաչուները անդրադարձ շարժումով մը փորձած են խուսափիլ, օդանաւին տիրապետումը կորսնցուցած են եւ օդանաւը ջախջախուած է:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ յայտնեց, որ ըստ իրենց տեղեկութեանց, սուրիական վարչակարգէն անջատուած զօր. Մունաֆ Թլաս սուրիական ընդդիմութեան հետ բանակցութիւններ կը վարէ:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print



