Tuesday May 21, 2013

Սուրիոյ Քիւրտերը Բարձրագոյն Քրտական Խորհուրդ Կազմեցին

By adminx - Fri Jul 13, 7:32 am

Մասուտ Պարզանի

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերու երկու հիմնական կազմակերպութիւնները, որոնք դէմ են երկրի նախագահ Պաշշար Ասատին, չորեքշաբթի օր յայտարարած են, որ միասնական դաշինքի մէջ կը միաւորուին:

Ազգային քրտական խորհուրդն ու այսպէս կոչուած Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովրդական խորհուրդը այսուհետեւ միասնական Բարձրագոյն քրտական խորհուրդ կը կազմեն: Միաւորման մասին որոշումը տրուած է բանակցութիւններէ ետք, որոնց մասնաւորաբար մասնակցած է իրաքցի քիւրտերու ղեկավար Մասուտ Պարզանի:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ քիւրտերը կը կազմեն Սուրիոյ բնակչութեան 9 առ հարիւրը: Անոնք արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր  իշխանութիւնները կը մեղադրեն խտրականութեան համար:

 

Leave a Reply

Advertisement