Ժետտայի Մէջ Մուրսի – Ապտալլա Թագաւոր «Արդիւնաւէտ Եւ Շինիչ» Քննարկումներ
By adminx - Fri Jul 13, 7:31 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Ժետտայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ թագաւորին հետ հանդիպումը «արդիւնաւէտ եւ շինիչ էր ի շահ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ շրջանի ժողովուրդներուն»:
«Այն, ինչ որ Ապտել Ազիզ թագաւորին բոլոր ըսած խօսքերը ի շահ շրջանին եւ Եգիպտոսի ապագային էին», ըսած է Մուրսի` նշելով, որ թագաւորին մէջ իմաստութիւն, միտք, գիտութիւն եւ Եգիպտոսի ժողովուրդին նկատմամբ սէր նկատած է:
Մուրսի ընդգծած է, որ ինք նախանձախնդիր եղած է, որ իբրեւ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ արտասահման իր առաջին այցելութիւնը տայ Սէուտական Արաբիոյ` «նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ պատմութեան խորքէն եկող հասարակաց յարաբերութիւնները»:
«Շրջանի կայունութիւնը Եգիպտոսի, Ծոցի եւ մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ կայունութիւնը կ՛ենթադրէ, եւ մենք ատոր կ՛աջակցինք եւ կը հաստատենք, իսկ մեր միջեւ զրոյցն ու երկխօսութիւնը ամբողջովին ի շահ շրջանին, անոր կայունութեան եւ ի շահ երկու ժողովուրդներուն էին»:
Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ պաշտպանութեան նախարար Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ իր ժողովը երկու երկիրներուն միջեւ բազմաթիւ «լաւ կէտերէն» ոմանց ամբողջացման համար էր, «եւ կ՛ուզենք, որ անոնք ապագային աւելի զօրանան»:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print




