Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմին. Դասախօսութիւն – Զրոյց` «Սումկայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերու Լուսաբանման Խնդիրները» Նիւթով
By adminx - Fri Jul 13, 7:23 am
- 0 Comments
- 112 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` հինգշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Ստեփանակերտի մամլոյ ակումբի նախագահ, «Անալիթիքոն» վերլուծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գեղամ Պաղտասարեան դասախօսեց «Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու լուսաբանման խնդիրները» նիւթին շուրջ:
«Փիւնիկ» սրահը լեցուն էր յատկապէս Լիբանանի տարածքին գործող ուսանողական եւ երիտասարդական բոլոր միութիւններուն ներկայացուցիչներով:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց Մարիա Չոքաքլեան, որ ներկայացնելէ ետք արցախեան ազատամարտի զանազան հանգրուանները` կեդրոնացաւ Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն վրայ: Չոքաքլեան նշեց, որ ներկայիս կարեւոր է յիշել Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած զանազան տեսակի սպանդները եւ ջարդերը հայութեան դէմ:
«Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինը կը կազմակերպէ այս հանդիպումը յաւելեալ լուսաբանութիւն եւ բացատրութիւն տալու համար հայ երիտասարդութեան, որպէսզի ան նաեւ իր ներդրումը ունենալով պայքարի ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ու սուտ լուրերու դէմ, որոնք հետզհետէ աւելի կը սաստկանան: Այս առումով, հայ երիտասարդութիւնը պարտաւոր է առաւելագոյն չափով օգտագործել ներկայ օրերու արհեստագիտութիւնը` դէմ դնելու համար թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան», ընդգծեց Մարիա Չոքաքլեան:
Այնուհետեւ Գեղամ Պաղտասարեան ներկայացուց Սումկայիթի եւ Պաքուի, ինչպէս նաեւ Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ ազրպէյճանցիներուն կազմակերպած ջարդերուն ծալքերը, Ան կարեւոր նկատեց այս բոլորին մասին փաստացի տուեալներով միջազգային հանրութիւնը եւ լրատուադաշտը տեղեակ պահելը:
Գեղամ Պաղտասարեան ազրպէյճանական այս ջարդերը ներկայացուց իբրեւ Ազրպէյճանի կողմէ հայութեան նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութեան երկրորդ փորձ` նկատի ունենալով, որ անկախ զոհերու թիւէն, անոնք կը պարունակեն Ցեղասպանութեան սահմանումի տարբեր բաղադրատարրերը:
Իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին գումարումի լրատուական ծառայութեան պետ Գ. Պաղտասարեան իբրեւ օրուան իրադարձութիւններու կենդանի վկայ ներկայացուց այդ ժամանակաշրջանի տեղեկատուական քաղաքականութիւնը:
Պաղտասարեան խօսեցաւ նաեւ Պաքուն եւ Սումկայիթը Խոջալուով ծածկելու ազրպէյճանական անհեթեթ քարոզչութեան մասին` շեշտելով, որ Խոջալուն ազրպէյճանական կրակակէտերը չէզոքացնելու գործողութիւն էր, մինչ Պաքուն, Սումկայիթն ու միւս շրջանները անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած սպանդ են եւ տեղահանութիւն:
Աւարտին Գեղամ Պաղտասարեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
- 0 Comments
- 112 views
- Tweet
Email
Print




