Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Իր Ընթացքը Կը Գտնէ
By adminx - Fri Jul 13, 7:22 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան տարի մը առաջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութեան նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը: Մեկնելով արեւմտահայերէնի դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններէն` համագումարը առաջարկեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նախաձեռնէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբի մը յառաջացման կամ կաճառի մը ստեղծման:
Անցնող ամիսներուն ընթացքին, վեհափառը այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ համայնքապետերու, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական կառոյցներու եւ հայագէտներու հետ, որպէսզի իմանայ անոնց տեսակէտը այս ուղղութեամբ: Կատարուած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ նշանակուեցաւ շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը համասփիւռքեան տարողութեամբ: Յանձնախումբին Լիբանանի անդամները երէկ առաւօտ վեհափառին նախագահութեամբ ունեցան իրենց անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին վեհափառը ներկայացուց յանձնախումբի անդամներուն ամբողջական ցանկը, յանձնախումբի գործունէութեան իր պատկերացումը եւ ուղեցոյցը: Յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնախումբի բոլոր անդամներուն եւ իմանալէ ետք անոնց տեսակէտը, յառաջիկայ ամիս պիտի հրապարակուի ուղեցոյցը, յանձնախումբի անդամներուն անունները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



