«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպումներուն Ծիրին Մէջ Արմէն Իւրնեշլեան Դասախօսեց «Ազգային Հիմնախնդիրները Սփիւռքահայ Թատրերգութեան Մէջ» Նիւթին Շուրջ
By adminx - Fri Jul 13, 7:21 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին չորեքշաբթի, 11 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ընթերցման երեկոյի նոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնի «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ` ներկայութեամբ մշակութասէր ու ընթերցասէր ազգայիններու եւ «Բագին»-ի ընտանիքին բարեկամներուն:
Բացման խօսքը արտասանեց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ ողջունելով ներկաները յայտնեց, որ շեղելով ընթերցման հանդիպումի քննարկած նիւթերէն` այս երեկոյ պիտի կատարենք «սփիւռքահայ թատրոնի մերձեցման փորձ»` անդրադառնալով «Ազգային հիմնախնդիրները սփիւռքահայ թատրերգութեան մէջ» նիւթին: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօս` Արմէն Իւրնեշլեանը, որ ծնած է Պէյրութ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: 1992-ին ստացած է մագիստրոս արուեստից վկայականը «գերազանց» գնահատականով Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքէն: 1992-1996-ին Իւրնեշլեան վարած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Ժամանակաւոր դասախօսի հանգամանքով երբեմն կը դասախօսէ Հայկազեան համալսարանին մէջ` դասաւանդելով «Սփիւռքահայ գրականութիւն» եւ «Հայ գրականութեան պատմութիւն» նիւթերը: 2011-ին Իւրնեշլեան Երեւանի պետական համալսարանէն կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանը` պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճառը սփիւռքահայ թատրերգութեան մասին: 2001-էն ի վեր ան անդամ է «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի խմբագրական կազմին: Իսկ 2002-էն ի վեր կը վարէ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան ատենապետի պաշտօնը:
Ապա խօսք առաւ Արմէն Իւրնեշլեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց հայ թատրոնի հիմնական հանգրուանները` անոր սկիզբը վերագրելով 1776 թուականին: Կեդրոնանալով գլխաւորաբար սփիւռքահայ թատրերգութեան վրայ` Իւրնեշլեան ընդգծեց, որ ազգային, քաղաքական ու Ցեղասպանութեան եւ աւելի ուշ` ձուլումի նիւթերը հիմնական տեղ կը գրաւեն արծարծուած նիւթերուն մէջ: 1776-ին Մխիթարեաններուն կողմէ սկիզբ առած թատրերգութիւնը կ՛արծարծէր պատմական նիւթեր: Սուլթան Համիտի օրով արգիլուելէ ետք 1908-ին վերստին կ՛արտօնուի հայ թատրերգութիւնը, որ «սակայն չունէր նախկին փառքն ու փայլքը»: Իւրնեշլեան մանրամասնօրէն թուեց սփիւռքահայ թատրերգութեան գլխաւոր դէմքերը, նիւթերն ու թատերագիրները: 1920-30-ական թուականներուն թատրոնին միջոցով Եղեռնի «ցաւ»-ը կը փոխանցէին հայ թատերագիրները: Իւրնեշլեան յայտնեց, որ ինք մեծապէս ազդուած է տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի «Թատրերգութեան արուեստը» գիրքէն: Նմանապէս` Հրանդ Մարգարեանի 1995-ին գրած «Հեթում արքան», որ պատմական նիւթով դաստիարակչական ուղղակի պատգամներ կը փոխանցէ: Ան իբրեւ օրինակ թուեց բազմաթիւ պատմական թատրերգութիւններ, ինչպէս` «Ստեփանոս Սիւնեցի» եւ այլն` մեծապէս գնահատելով Յակոբ եւ Վահէ Օշականներու գործերը, Երուանդ Հայրապետեանի «Անմահների երթը», Վաչէ Ատրունիի «Անաւարտ սկիզբը», Վահէ Օշականի «Նոր արմատը» եւ այլն` մաղթելով, որ անոնք եւս բեմականացուին: Զեկուցման աւարտին Արմէն Իւրնեշլեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Այս գծով արծարծուեցան զանազան կարծիքներ ու հարցադրումներ, մտահոգութիւններ: Առաջարկուեցաւ թատրոնի մասին յատուկ դասապահեր որդեգրել հայկական վարժարաններու կրթական ծրագիրներուն մէջ` գէթ շաբաթական հերթականութեամբ:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print



