Յայտարարութիւններ ( 12 Յուլիս 2012 )
By adminx - Thu Jul 12, 6:01 am
- 0 Comments
- 239 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Թալին Շամլեան եւ զաւակը` Կարօտ
Տեարք Արա եւ Խաժակ Շամլեան
Տիար Յովհաննէս Քելեշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քրիստափոր Քելեշեան եւ զաւակունք
Օրդ. Վարդուհի Քելեշեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Քեսթեքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Շամլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Իշխան Աթմաճեան եւ զաւակը` Արիս
Տէր եւ տիկին Լեւոն Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւօ Չաքմաքեան եւ զաւակունք
Շամլեան եւ Քելեշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ եւ հարազատին`
ՈՎՍԱՆՆԱ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԵԼԵՇԵԱՆ, 1939-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 11 յուլիս 2012-ին, «Հարուն» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` հինգշաբթի, 12 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Արագած, հինգշաբթի, 12 եւ ուրբաթ, 13 յուլիսին:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ:
—————————————————————————————
ԵԿԷՔ, ԳՐԵՆՔ ՈՒ ԵՐԳԵՆՔ
«Վանայ ձայն»-ը իր այս յայտագիրով կը ներկայանայ իր այն ունկնդիրներուն, որոնք օժտուած են երգի բառեր գրելու բնատուր շնորհով: Հետեւաբար, այս նպատակով արեւմտահայերէնով գրուած ձեր գրաւոր փորձերը կրնաք յանձնել «Վանայ ձայն»-ի քարտուղարութեան, մինչեւ 31 յուլիս 2012` անոնց կցելով ձեր հեռաձայնի թիւերը:
Դատական կազմի գնահատումէն ետք ընտըրուած ստեղծագործութիւնը պիտի վերածուի երգի եւ ձայնագրուի, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլան այլ պարգեւներ:
—————————————————————————————
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Փառէն եւ Սարին (Սապունճեան) Ճինպաշեան
բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը`
ՌՈՒԲԷՆ
6 յուլիս, 2012
Մոնրէալ
—————————————————————————————
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Հանրի եւ Քրիստին (Էմիրզեան)-Քահհալէ
բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը`
ԼԷՈՆ
5 յուլիս, 2012
Պէյրութ
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ծանուցումներու գրասենեակ մը կարիքը ունի երկսեռ ներկայացուցիչներու, արաբերէն գիտնալը` պայման, լաւ շահաբաժին, ինքնաշարժ ունենալը` պայման:
Հետաքրքրուղները կրնան «Սի. Վի.»-ն ղրկել az-adver@yahoo.com
—————————————————————————————
ՄԻԱՍԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՆՔ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ
ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ ձեր ընտանեկան արխիւներուն մէջ ունիք Օսմանեան կայսրութեան հայկական կեանքին վերաբերող հին լուսանկարներ, գիրքեր, ձայնագրութիւններ, յուշագրութիւններ, նամակներ, փաստաթուղթեր, կալուածաթուղթեր (թափու), դպրոցական վկայականներ, ձեր պապենական տունէն որեւէ նշխար, որեւէ յիշողութեան առարկայ, եթէ պատրաստ էք բանաւոր վկայութիւններ տալու անցեալի այս կեանքին մասին, ձեզի առիթ տրուած է անձնապէս հանդիպելու Յուշամատեանի խումբին անդամներուն հետ: Անոնք տեղւոյն վրայ պիտի լուսանկարեն ու վերադարձնեն ձեզի ձեր անձնական նիւթերը, որոնք հետագային տեղ կրնան գտնել կայքէջերուն մէջ:
Վայր.- Պուրճ Համուտ, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան:
Հինգշաբթի, 12 յուլիս 2012, ժամը 10:00-18:00:
—————————————————————————————
ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 500-ԱՄԵԱԿ
ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ` ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ
2010 ԵՒ 2011 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ
ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Տեղի կ՛ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 12 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարան, Քանթարի-Պէյրութ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ գիրքերու մակագրութիւն եւ վաճառք:
—————————————————————————————
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
- Բացառիկ շրջապտոյտ դէպի ՎԱՌՆԱ միայն 18-25 յուլիս, Ա. կարգի պանդոկ, սենեակները` օժտուած «էր քոնտիշըն»-ով, բաց պիւֆէ, նախաճաշ, ներառեալ` վիզան, տուրքերը, փոխան 795 եւրոյի միայն 550 եւրօ, շատ սահմանափակ թիւով տեղեր:
ԾԱՆՕԹ.- Բաց պիւֆէ, ճաշ եւ ընթրիք միայն 1.5 տոլար:
- Շրջապտոյտ դէպի Հայաստան 8 օր 380 եւ 725 տոլար:
Հեռ. 01/261177, 01/240654 եւ 03/233978
Email:Ashjiantours@hotmail.com
—————————————————————————————
ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Լոնտոն բնակող ազգային մը 25-էն 40 տարեկանի մէջ եղող կը փնտռէ լիբանանահայ աշխուժ ուսուցչուհի, որ պաքալորէա աստիճանի գիտական դասեր, ուսողութիւն, անգլերէն եւ աշխարհագրութիւն-պատմութիւն կարենայ դասաւանդել անգլերէնով` իր զաւակներուն, տրամադրուելիք դասագիրքերու հիման վրայ: Ենթական անթերի անգլերէնի տէր պէտք է ըլլայ: Ենթական առաջին տարին Լիբանան պիտի գործէ եւ անկէ ետք` Լոնտոն: Պէտք է ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ունենայ եւ ճամբորդելու յօժար ըլլայ: Գործը կը սկսի սեպտեմբեր 2012-ին: Մինչեւ 20 յուլիս հեռաձայնել 01-340811 թիւին, ամէն օր, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն` ժամը 9:30-էն 1:30-ի միջեւ, մանրամասնութիւններու համար:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 239 views
- Tweet
Email
Print



