Wednesday May 22, 2013

Լոնտոն-2012. Լիբանան 10 Երկսեռ Մարզիկով Կը Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն

By adminx - Thu Jul 12, 6:09 am

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց ցանկը այն 10 երկսեռ լիբանանցի մարզիկներուն, որոնք պիտի մեկնին Լոնտոն` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար 27 յուլիսէն 12 օգոստոսին տեղի ունենալիք 2012-ի ողիմպիական խաղերուն:

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ յայտնեց, որ Լիբանան պիտի մասնակցի եօթը տեսակ անհատական մարզաձեւերու: Անոնք են` փինկ փոնկ, թեքուանտօ, սուսերամարտ, նշանառութիւն, լողարշաւ, ժիւտօ եւ աթլեթիզմ:

Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան թիւով այսքան շատ մարզիկով կը մասնակցի ողիմպիական խաղերուն:

Սակայն պէտք է նշել, որ միայն երեք տեսակի մարզաձեւերու մէջ Լիբանան զտումի մրցումներուն մասնակցելէ ետք է, որ ապահովեց չորս տոմս:

Այդ երեք մարզաձեւերուն մէջ զտումի մրցումներ կատարելով իրենց տոմսը ապահովեցին Դուին Մումջողլեան (փինկ փոնկ), Անտրէա Փաուլի (թեքուանտօ), Զէյն Շըհիթօ եւ Մունա Շըհիթօ (սուսերամարտ):

Մնացեալ վեցը իրենց տոմսը ապահովեցին ճերմակ քարտերով (այսինքն` յատուկ հրաւէր): Անոնք են` Ռէյ Պասիլ (նշանառութիւն), Քարեն Շամմաս (Ժիւտօ), Քաթիա Պաշրուշ, Ուաէլ Քըպրըսլի (լողարշաւ), Կրեթթա Թասլաքեան եւ Ահմետ Հազեր (աթլեթիզմ):

Շարթիէ ըսաւ, որ ըստ ողիմպիական օրէնքներուն, իւրաքանչիւր մարզիկի կրնայ ընկերակցիլ մարզիչ մը եւ կամ պատասխանատու մը: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ տասը մարզիկներուն պիտի ընկերակցին տասը մարզիչ-պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի հինգ անդամներ, նաեւ պատուիրակութեան «շեֆ տը միսիոն»-ը, որ այս պարագային պիտի ըլլայ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Զիատ Ռիշա:

Նշենք, որ Ռիշա, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Իզզաթ Քրայթեմ պիտի ըլլան Լոնտոն մեկնող առաջին անձերը` մասնակցելու համար տեղի ունենալիք յատուկ նիստերուն եւ ժողովներուն` ողիմպիական խաղերուն հետ առնչութիւն ունեցող յաւելեալ մանրամասնութիւններուն տեղեակ ըլլալու համար:

 

Leave a Reply

Advertisement