Wednesday Jun 19, 2013

Ճատրակ. Աղջկանց Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Մայա Ժալլուլ Հանդիսացաւ Երկրորդ

By adminx - Thu Jul 12, 6:06 am

Մայա Ժալլուլ

8-9 յուլիսին Թունուզի մէջ աղջկանց ճատրակի արաբական բաց ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանցի Մայա Ժալլուլ բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսին տիրացած ալճերիացի Էմինէ Մազիուտէն: Երրորդ դիրքը գրաւեց յորդանանցի Ռազզան Շըհէյպի:

Այլ գետնի վրայ, Լիբանանեան բանակի ակումբը կը կազմակերպէ արագ ճատրակի անհատական մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 14 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ողիմպիական օրուան առիթով: Այս մրցաշարքը, որ ընդամէնը 6 հանգրուան է, տեղի պիտի ունենայ Զինուորական մարմնակրթութեան բարձրագոյն հիմնարկին մէջ:

Արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-955700 կամ 03-883225:

Leave a Reply

Advertisement