Thursday May 23, 2013

Բակօ Սահակեան Եահկ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Ազրպէյճանը Կառուցողական Հուն Բերելու Կոչ Ուղղած Է

By adminx - Thu Jul 12, 7:55 am

Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպումէն պահ մը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է Ստեփանակերտ ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ անոնց հետ քննարկած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան մամուլի հաղորդագրութեան, Բակօ Սահակեան նշած է, որ տագնապի լուծման մեծագոյն խոչընդոտները Ազրպէյճանի կողմէ վարուող ապակառուցողական քաղաքականութիւնն է եւ բանակցային խեղաթիւրուած ձեւաչափը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն շարունակելու իրենց աշխատանքը` Ազրպէյճանը կառուցողական հուն բերելու եւ լիարժէք ձեւաչափը վերականգնելու ուղղութեամբ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, պաշտօնատար այլ անձինք:

Որոշակի Փուլին Լեռնային Ղարաբաղը
Պիտի
Միանայ Տագնապի Լուծման Բանակցութիւններուն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած են, որ բանակցութիւններու «որոշակի փուլին» Լեռնային Ղարաբաղը պիտի միանայ բանակցային հոլովոյթին, սակայն յստակ ժամկէտ չէ նշուած, կը յայտնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ըսած է. «Ես կրնամ ենթադրել, որ երբ սկսի առարկայական աշխատանքը խաղաղութեան համաձայնագիրին վրայ, բանակցող կողմերուն ձեւաչափը կրնայ ընդլայնիլ»:

Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ համանախագահները քննարկած են նաեւ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը:

Անդրադառնալով շփման գիծէն արձակազէններու հեռացման հարցին` ռուս համանախագահ Փոփով ըսած է, որ ատիկա «ցաւոտ հարց է, որուն մասին երկար խօսուած է, բայց առայժմ լուծուած չէ»:

 

Leave a Reply

Advertisement