Friday May 24, 2013

Տրապիզոնի Նաւահանգիստի Տնօրէնը Կը Յայտարարէ. «Տրապիզոնի Նաւահանգիստը Պատրաստ Է Հայաստանի Բեռները Սպասարկելու»

By adminx - Thu Jul 12, 7:53 am

Թրքական «Կիւնպաքըշ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Տրապիզոնի նաւահանգիստի տնօրէն Մուզաֆեր Էրմիշ յայտարարած է, որ Տրապիզոնի նաւահանգիստը պատրաստ է Հայաստանէն ուղարկուող եւ Հայաստան առաքուող բեռները սպասարկելու:

Էրմիշ նշած է, որ թրքական կառավարութեան համաձայնութեան պարագային, Տրապիզոնի նաւահանգիստին ճամբով շատ հանգիստ կարելի է դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն բեռներու փոխադրումը կատարել: Ըստ անոր, Տրապիզոնի նաւահանգիստը հայկական բեռներուն համար օգտագործելէն պիտի շահին թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Հայաստանը:

«Հայաստան այս պահուս 7.5 միլիառ տոլարի արտածում եւ ներածում կը կատարէ Վրաստանի Փոթիի նաւահանգիստին միջոցով: Դէպի Փոթի երկաթուղի կայ, սակայն մեծ ընդմիջումներով կը գործէ: Օրուան որեւէ ժամուն կարելի է Երեւանէն Տրապիզոն հասնիլ: Տրապիզոնէն մինչեւ Ալիճանի սահման (Մարգարայի սահմանային կէտ) 400 քիլոմեթր է, իսկ այնտեղէն Երեւան` ընդամէնը 30 քիլոմեթր: Մեր նաւահանգիստը պատրաստ է բեռներու նման ծաւալի փոխադրումներ իրականացնելու», նշած է Տրապիզոնի նաւահանգիստի տնօրէնը` շեշտելով, որ ներկայ պահուն նաւահանգիստը կ՛աշխատի իր կարելիութիւններուն 25 առ հարիւրին չափով:

 

Leave a Reply

Advertisement