Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2012-Ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը Եւ Ֆինանսաւորեց Միջազգային Դատական Ատեանը
By adminx - Thu Jul 12, 7:49 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն նախագահեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին քննարկումը եւ վաւերացումը:
Նիստին աւարտին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը 2012-ի պետական պիւտճէն վաւերացնելու կողքին ֆինանսաւորած է նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան արդէն իսկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կատարուած է: Ան նշեց, որ ինք այդ ֆինանսաւորումը կատարած է անցեալ տարուան ոճով, «սակայն ոչ անպայման դրամատուներուն ճամբով», աւելցուց ան:
Նշենք, որ 2012-ի պետական պիւտճէն վաւերացուեցաւ առանց տուրքերու յաւելումին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նշեց, որ նախքան կառավարութեան նիստին գումարումը, ինք նախագահած է հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն փոխանցելու վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուած են ապահովական կառոյցներուն ներկայացուցիչները եւ դատական իշխանութիւնները ներկայացնող խորհուրդը:
«Նիստին աւարտին ապահովական կառոյցներուն կողմէ նիստին ներկայ գտնուող ներկայացուցիչները մեկնեցան իրենց հետ ունենալով իրենց պահանջած հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տեղեկութիւնները», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print




