Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Հիւսիսային Լիբանանի Սահմանին Վրայ Դիրքաւորելուն Նպատակն Է Զինեալներուն Աշխուժութիւնը Նուազեցնել»
By adminx - Thu Jul 12, 7:45 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հիւսիսային Լիբանանի սահմանին վրայ դիրքաւորելը ժամանակի կը կարօտի` աւելցնելով, որ այդ մէկը իրագործելու համար բանակը այժմու իր որոշ դիրքերէն պիտի հեռանայ, որ կարելի ըլլայ զայն հիւսիս գործուղել:
Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ բանակի դիրքաւորման նպատակն է հակակշռել ապահովական կացութիւնը եւ վերջ տալ բացթողումներուն, ինչպէս` զինեալներուն մուտքին ու ելքին եւ զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգումին:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը Աքքարը պիտի չլքէ, ինչ որ ալ ըլլան անոր վրայ բանեցուող ճնշումները:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print



