Saturday May 25, 2013

Քրիստոնեայ Եռակողմանի Հանդիպում` Պիքֆայայի Մէջ

By adminx - Thu Jul 12, 7:44 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուած են ինք, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, քննարկած է քաղաքական այս երեք ուժերուն միջեւ գոյացած միացեալ կեցուածքը:

Քանաան հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին աշխատանքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Քանաան հաստատեց, որ այդ հանդիպումը շատ աւելի կարեւոր էր, քան` ընտրական որեւէ նպատակ:

Իր կարգին, Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Պիքֆայայի հանդիպումին ընթացքին  քննարկած են շարք մը առաջարկներ` աւելցնելով, որ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:

Ժեմայէլ աւելցուց, որ կան որոշ հարցեր, որոնք իրենց միջեւ միացեալ կը նկատուին, եւ պէտք է անոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

 

Leave a Reply

Advertisement