«Ճամբաները Փակող Կողմերը Քաղաքական Հովանաւորութիւն Կը Վայելեն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
By adminx - Thu Jul 12, 7:44 am
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, որ իրենք հաւատարիմ մնան իրենց պետութեան եւ ոչ իրենց համայնքին կամ ղեկավարին` շեշտելով, որ Լիբանանի ճամբաները փակող կողմերը քաղաքական հովանաւորութիւն կը վայելեն:
Լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը պահանջեց վերադառնալ պետական տրամաբանութեան եւ բացայայտել 1975-էն ի վեր կատարուած բոլոր սպանութիւններուն դրդապատճառները:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պքերքէի նպատակն է յարգել իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն հաւասարութիւնը եւ հասնիլ ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ լաւագոյն ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Քանատայի Շիի գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Նեպիլ Ապպասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսէն:
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print



