Wednesday Jun 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Thu Jul 12, 7:35 am

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Լիբանանի դէմ սուրիական ռմբակոծումը եւ շեշտեց, որ Դամասկոս պէտք է յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Քուրայի մասնակի ընտրութիւնները ժողովրդավարական են` աւելցնելով, որ ինք վստահ է իր արձանագրելիք յաղթանակէն: Քարամ աւելցուց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը սուտեր կը տարածէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պատկերը աղաւաղելու նպատակով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումը բացարձակապէս մերժելի է` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ բանակին դիրքաւորումը կարեւոր է` արգիլելու համար Սուրիոյ դէմ գործուող ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկչական արարքները:

ԱԼԷՅԻ մէջ քաղաքացի մը սպաննուած է` ստանալով դանակի ինը հարուածներ:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, իսրայէլացի 20 զինուորներ եւ «Մերքաւա» տիպի երեք իսրայէլեան հրասայլեր դիրքաւորուած են Զահրանիի դիմաց:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը փափաքի Սուրիոյ տագնապին պարագային յանգիլ քաղաքական լուծումի մը, որուն հիման վրայ պաշտպանուին նաեւ իր շահերը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պաշտօնական կայքէջեր հաղորդեցին, որ Իսրայէլ կ՛ընդունի, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ իր գործած բոլոր մահափորձերը ձախողութեամբ աւարտած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր այցելեց Մեժտալիուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է գործադրեն երկրին տնտեսական անկախութիւնը հզօրացնող ռազմավարութիւն մը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ նախկին հոգեւոր պետ, հանգուցեալ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի անուան հոգեւոր խորհուրդը յայտնեց, որ ռամատան ամսուան առաջին օրը կը զուգադիպի յառաջիկայ 20 յուլիսին:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ հաւասարակշռուած բարգաւաճման չգոյութիւնն ու յարատեւ ձգձգումները Թրիփոլին հասցուցած են իր այսօրուան կացութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ Քուէյխաթի դէպքին առումով կառավարութեան տուած որոշումը լիբանանեան բանակին դէմ ուղղուած անարգանք մըն է, ինչպէս նաեւ արդարութիւնը կասկածի տակ առնելու փորձ մը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը բարձրացած է 400 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը` 100 լ. ոսկիով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ կողմ շահեր ունի երկրին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու առումով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, որդեգրուած են նախապատրաստութիւններ` հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ լիբանանեան ուժեր դիրքաւորելու իմաստով:

ԸՍՏ «Տիար»-ի, Մուսթաքպալ հոսանքը Թրիփոլիի մէջ կը պառակտուի, իսկ սալաֆականները կ՛իշխեն Մուսթաքպալի համակիրներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ քաղաքացիական պատերազմ մը չէ նախատեսուած` աւելցնելով, որ այդ պատերազմին փոխարէն Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններ պիտի արձանագրուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը հետաքրքրէ պաշտպանել Լիբանանի գերիշխանութեան եւ երկրին արժանապատուութեան դէմ սուրիական վարչակազմին գործած ոճիրները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement