Thursday Jun 20, 2013

Ապահովութեան Խորհուրդի Սեղանին Վրայ Սուրիոյ Շուրջ Ռուսական Եւ Ամերիկեան Բանաձեւեր

By adminx - Thu Jul 12, 7:34 am

Ալեքսանտր Փանքին

Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց Սուրիոյ հարցով նոր բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութիւնը, որ 20 յուլիսին կ՛աւարտի, երեք ամիս եւս երկարաձգելու: ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Ալեքսանտր Փանքին ռուս լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռուսիա այս բանաձեւին նկատմամբ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն միջեւ որեւէ տարակարծութիւն չի նախատեսեր` շեշտելով, որ ծրագիրին գլխաւոր նպատակը ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանի ծրագիրին աջակցիլն ու Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի ժողովէն բխած որոշումներուն զօրակցիլն է:

Ռուսիա յայտարարեց, որ պատրաստ է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի` Սուրիոյ շուրջ իր վերջին զեկուցումին մէջ ներկայացուցած առաջարկները ընդունելու: Քի Մուն առաջարկած էր միջազգային դէտերու առաքելութեան աշխատանքային կարգ մը մեքանիզմները վերատեսութեան ենթարկել եւ առաքելութեան անդամներուն շարքին քաղաքայիններ ներառել:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Փանքին յայտարարած է, որ Ապահովութեան խորհուրդի ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ որոշում մը Սուրիոյ «վտանգաւոր կացութեան» լոյսին տակ «վնասակար պիտի ըլլայ»:

Փարիզ յայտարարեց, որ Մոսկուայի ներկայացուցած վերոնշեալ բանաձեւը «միջազգային ընտանիքի պետութիւններուն մեծամասնութեան ձգտումներուն չի համապատասխաներ»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը, որուն մասնակցեցան աշխարհի պետութիւններուն մեծամասնութիւնը, յստակ կերպով կոչ ուղղեց Անանի ծրագիրի գործադրութեան համար սուրիական կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնելու համար ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ յաւելեալ քայլերու դիմելու, եւ այս առումով ռուսական բանաձեւը միջազգային ընտանիքի մեծամասնութեան ձգտումներէն նուազ է:

Վալերօ նշեց, որ Ֆրանսա Ապահովութեան խորհուրդին մէջ անհրաժեշտ որոշումներու որդեգրման շուրջ իր կեցուածքը իր գործընկերներուն հետ պիտի ճշդէ Քոֆի Անանի Սուրիա, Իրան եւ Իրաք շրջապտոյտին մասին վերջինիս զեկուցումը լսելէ ետք: Վալերօ ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը մերժէ Իրանը Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակին միացնելու գաղափարը:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա սուրիական վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներու յաւելման եւ խստացման կը զօրակցին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Ֆինթրիլ նշեց, որ իր երկիրը աշխատանք պիտի տանի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին որդեգրելու որոշում մը, որ սուրիական իշխանութեան վրայ ճնշումը կը խստացնէ եւ ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ միջոցառումներ կը ներառէ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու մեծ ջանքեր կը թափուին:

Մինչ այդ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը չէ յաջողած ռուսական կողմը համոզել սուրիական տագնապին նկատմամբ իր կեցուածքը փոխելու:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի լրագրողներուն յայտնեց, որ ամերիկացի զինուորականներ մտադիր են ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նիքոլայ Մաքարովի հետ սուրիական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր քննարկել: Վերջինս ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսիի հետ քննարկումներ կատարելու համար Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէ:

Ինչ կը վերաբերի ռուսական մարտանաւերու Միջերկրական ծով ուղղուելուն, Քըրպի նշեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, այդ մարտանաւերը այդտեղ կ՛ուղղուին ծովային ռազմափորձերու մասնակցելու համար` աւելցնելով, որ «չկան այլ տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ այդ նաւերը հոն կ՛ուղղուին այլ նպատակներու համար»: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերքեց այն լուրը, թէ ռուսական մարտանաւեր Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստ կ՛ուղղուին:

Ռուսական Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսի Փուշքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու բաւարար կարելիութիւն չունին` աւելցնելով, որ անոնք ՕԹԱՆ-ի պիտի չկարենան ապաւինիլ, որովհետեւ վերջինս Լիպիոյ դէմ գործողութենէն ուժասպառ եղած է:

«Ռաշա Թուտէյ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքով իր իտալացի պաշտօնակից Ճիանփաոլօ տի Փաոլոյի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ «Մոսկուա Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտել պիտի չարտօնէ»:

Նշենք, որ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իրաքի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նաուաֆ Ֆարես սուրիական վարչակարգէն անջատուած է:

Leave a Reply

Advertisement