Ըստ Հարցախոյզի Մը Վրացիները Աշխատատեղիներու Ստեղծումը Աւելի Կարեւոր Կը Նկատեն, Քան Երկրին Տարածքային Ամբողջականութիւնը
By adminx - Thu Jul 12, 7:31 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու Ազգային ժողովրդավարական հիմնարկը հրապարակած է իր հարցախոյզին արդիւնքը, ըստ որուն, Վրաստանի բնակչութեան 69 առ հարիւրը ինքզինք գործազուրկ կը նկատէ:
Բնակչութեան 23 առ հարիւրը կը կարծէ, որ 2008-ի դրութեամբ իր վիճակը բարելաւուած է, 46 առ հարիւրը կը նշէ, որ չէ փոխուած, իսկ 28 առ հարիւրին կարծիքով, վատթարացած է:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 58 առ հարիւրը Վրաստանի համար ամէնէն կարեւոր հարցը նկատած է աշխատատեղիներու ստեղծումը, 33 առ հարիւրը` երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, իսկ 27 առ հարիւրը` չքաւորութեան խնդիրի լուծումը:
Հարցախոյզը կատարուած է յունիսին եւ անոր մասնակցած է Վրաստանի բոլոր շրջաններէն 6299 հոգի:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



