Friday May 24, 2013

«Աշխարհի Տնտեսական Աճը Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Դանդաղի» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

By adminx - Thu Jul 12, 7:30 am

Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման «Եու. Էս. Էյտ» կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ  աշխարհի գլխաւոր երկիրներու տնտեսական աճը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի դանդաղի, բացի Պրազիլէն, որուն տնտեսութիւնը աճ կ՛արձանագրէ:

Կազմակերպութիւնը նաեւ զգուշացուցած է զարգացած երկիրներուն մէջ գործազրկութեան համեմատութեան նախապէս նախատեսուածէն աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակումէն:

Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Էյնճըլ Ճորճիա «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած է, որ 34 երկիրներու իր ցուցակի ցուցանիշը ցոյց տուած է, որ մայիս 2012-ին գործազրկութեան համեմատութիւնը 7.9 առ հարիւրի հասած է, այսինքն` 48 միլիոն գործազուրկի համազօր է եւ 15 միլիոնով կը գերազանցէ 2007-ի վերջաւորութեան արձանագրուած գործազուրկներուն թիւը:

Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ, որ 2013-ի աւարտին գործազրկութեան համեմատութիւնը 7.4 առ հարիւր ըլլայ: Կազմակերպութիւնը նաեւ կը նշէ, որ անդամ 34 ճարտարարուեստականացած երկիրներու տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը մայիսին ապրիլին արձանագրուած 100.4 կէտէն նուազած է 100.3 կէտի, ինչ որ աճի դանդաղեցում կը նշանակէ:

Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ Եւրոյի գօտին աշխարհի զարգացած տնտեսութեանց տկար կէտն է, իսկ այդ գօտիին վերաբերեալ իր ցուցանիշը ցոյց կու տայ, որ անիկա կը շարունակէ նուազիլ` աւելցնելով, որ բոլոր զարգացած երկիրներուն վերաբերեալ իր նախատեսութիւնները եւս քաջալերական չեն:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement