Tuesday May 21, 2013

Գերմանիա Խորհրդային Միութենէն Եկող Հրեաներուն 300 Միլիոն Տոլար Պիտի Վճարէ

By adminx - Thu Jul 12, 7:28 am

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով Գերմանիոյ դէմ նիւթական պահանջատիրութեան հրէական համախմբումի յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Գերմանիա համաձայն գտնուած է 300 միլիոն տոլար վճարել հիմնականին մէջ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն 80 հազար հրեաներու, որոնք վնասուած են նացիական Գերմանիոյ տարիներուն, սակայն մինչեւ օրս փոխհատուցում չեն ստացած:

Համախմբումը այս որոշումը պատմական նկատած է: Իսկ նշեալ տասնեակ հազարաւոր հրեաները վերջինն են, որ մինչեւ օրս ոչ մէկ հատուցում ստացած են: Մինչեւ այսօր նման հատուցում Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն եւ Եւրոպական Միութենէն դուրս շարք մը երկիրներու հրեաներուն համար անկարելի էր:

Բացի ատկէ, Համախմբումն ու գերմանական իշխանութիւնները համաձայնութիւն ձեռք բերած են հաւասարեցնելու չափերը ամսական թոշակներուն, զորս երկիրը կը վճարէ Ողջակիզումէն վնասուածներուն: Մինչեւ օրս հսկայական տարբերութիւն կար այն թոշակներու միջեւ, զորս կը ստանային Արեւմտեան եւ Արեւելեան Գերմանիաներուն հրեաները: Իսկ այժմ բոլոր հրեաները ամսական շուրջ 370 տոլարի համարժէք թոշակ պիտի ստանան:

Գերմանիա վերատեսութեան ենթարկած է նաեւ թոշակի տրամադրման համար անհրաժեշտ չափանիշերը: Մինչեւ հիմա թոշակ ստանալու կրնային յաւակնիլ այն անձերը, որոնք ստիպուած եղած են մէկ տարիէն ոչ նուազ ժամանակ պահուըտիլ նացիներէն: Իսկ այժմ թոշակառու պիտի դառնան նաեւ մինչեւ 6 ամիս պահուըտած անձերը:

Leave a Reply

Advertisement