Պրազիլցի Անտուններ Աղբանոցին Մէջ 10 Հազար Տոլար Գտած Եւ Ոստիկանութեան Յանձնած Են
By adminx - Thu Jul 12, 7:24 am
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի մայրաքաղաք Սան Փաուլոյի կամուրջներուն տակ ապրող երկու անտուն անձեր, աղբանոցը խառնելու ընթացքին, պատահմամբ տասը հազար տոլարի համարժէք քսան հազար ռէալով լեցուն տոպրակ մը գտած են:
Անոնք այդ գումարը անմիջապէս իւրացնելու փոխարէն դիմած են տեղւոյն ապահովութեան աշխատակիցին` խնդրելով ոստիկանութիւն կանչել: Ըստ ոստիկաններուն տուեալներուն, այդ գումարը անցեալ շաբաթ գողցուած է քաղաքի ճափոնական ճաշարաններէն մէկէն:
Վերոնշեալ անտուններէն մէկը նշած է, որ «բոլորը կը կարծեն, որ խենթ ենք: Մենք կրնայինք այդ գումարը առնել եւ հեռանալ: Սակայն մայրս զիս այլ կերպ դաստիարակած է. ան սորվեցուցած է, որ երբեք կարելի չէ գողնալ»:
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print



