«Ազդակ»-ի 72-րդ Լսարան. Գեղամ Պաղտասարեան Խօսեցաւ «Արցախեան Հիմնախնդիրը Եւ Հայկական Զանգուածային Լրատուամիջոցները» Նիւթին Մասին
By adminx - Thu Jul 12, 7:18 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` չորեքշաբթի, 11 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարաններու շարքին 72-րդը: Օրուան զեկուցաբերն էր Ստեփանակերտի մամլոյ ակումբի նախագահ, «Անալիթիքոն» վերլուծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գեղամ Պաղտասարեան, որ ներկայացուց «Արցախեան հիմնախնդիրը եւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները» նիւթը:
Մամլոյ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններուն ձեւաւորած աւանդութեան համաձայն, թերթի խմբագրութիւնը կը շարունակէ հայկական կեանքը յուզող ամէնէն տարբեր նիւթերուն վրայ լուսարձակները սփռել` անոնց շուրջ ըստ կարելւոյն համահայկական լայն հասարակական կարծիք կազմելու միտումով:
«Եւ այսօր, «Ազդակ»-ի մամլոյ 72-րդ լսարանին ընթացքին, մեր լուսարձակները դարձեալ կը սփռուին Հայ դատի առաջնահերթ հանգրուանին` արցախեան հիմնահարցին վրայ», ըսաւ Ժաք Յակոբեան` հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացնելով օրուան զեկուցաբերին կենսագրական գիծերը:
Այնուհետեւ Ստեփանակերտի մամլոյ ակումբի նախագահ Գեղամ Պաղտասարեան նախ խօսեցաւ Ստեփանակերտի մամլոյ ակումբի կազմութեան, գործունէութեան դաշտին եւ իրականացուցած գործառոյթներուն մասին:
Ապա ան ներկայացուց Արցախի տեղեկատուական քաղաքականութեան առնչուած խնդիրները` շեշտելով, որ Արցախը պէտք է ինք լրատուական նիւթեր հայթայթէ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներուն:
Գեղամ Պաղտասարեան նշեց, որ ճիշդ է, որ ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթի իւրաքանչիւր հանգրուանի լուսաբանումը շատ կարեւոր է զանգուածային լրատուամիջոցներուն համար, այսուհանդերձ նոյնքան անհրաժեշտ է Արցախի ներքին խնդիրները, մշակութային-կրթական հարցերը եւ ընդհանրապէս առօրեան ներկայացնել հայ հանրութեան:
Պաղտասարեան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Արցախէն նախաձեռնուելիք տեղեկատուական «յարձակողապաշտ» քաղաքականութեան անհրաժեշտութեան, որպէսզի հայկական կողմը ենթարկուած չըլլայ հակառակորդին պարտադրած խաղի կանոններուն:
Զեկուցումի աւարտին Գեղամ Պաղտասարեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



