Անթիլիասի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Միջեկեղեցական Հանդիպումի Մը
By adminx - Thu Jul 12, 7:15 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
Երեքշաբթի, 10 յուլիս 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու ընտանիքի նախագահ ասորի կաթողիկէ պատրիարք Իգնատիոս Եուսուֆ Գ. Եունան, խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Փոլ Ռուհանա եպիսկոպոս, փոխընդհանուր քարտուղարը եւ գործադիր վարչութեան անդամներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն առնչուած կարեւոր հարցեր: Այս առիթով նաեւ ներկաները ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ այս ծիրին մէջ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները:
Յայտնենք, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան առաջին իսկ օրէն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը իր գրասենեակներուն ճամբով մարդասիրական օգնութիւն սկսաւ ընծայել բոլոր գաղթականներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն առանց խտրութեան: Շուրջ ամիս մը առաջ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարած իր վերջին ժողովին խորհուրդի գործադիր վարչութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը այս ուղղութեամբ` կոչ ուղղելով արեւմտեան եկեղեցիներուն կրկնապատկելու իրենց նիւթական օժանդակութիւնը: Վեհափառը իբրեւ նախագահ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ մէջ կատարուող այս աշխատանքներուն:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print



