Գրողի Օրագիրէն. Հայրենիքը Եւ Մենք
By adminx - Thu Jul 12, 5:40 am
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ազգերու, ժողովուրդներու գերագոյն սէրը իրենց հայրենիքն է:
Մեզի համար ալ մեր գերագոյն սէրը մեր հայրենիքն է, Հայաստան «երկիր դրախտավայր»-ը: Հայրենիք` ամէն բանէ վեր:
Սփիւռքի մեր բոլոր անկիւններէն մեր աչքերը յառած ենք մեր հայրենիքին, ուրկէ կը սպասենք մեր փրկութիւնը, ուր ծաւալող կեանքին ապաւինած ենք:
Հայրենիքը մեզի կը մօտեցնեն օդանաւային երթեւեկները, որոնք այս օրերուն սուղի կը նստի մեր հայրենակիցներու քսակներուն. հարցումը կը տրուի շատ պարզ ձեւով: Օրինակի համար, հետեւելով մամուլով եւ լրատուական այլ միջոցներով հաղորդուած զբօսաշրջական ծանուցումներուն` կը տեղեկացնեն արտասահմանեան պտոյտներու օդանաւային տոմսերու սակերը, որոնք նպաստաւոր ըլլալ կը թուին, բացի Հայաստանի սակէն:
Հայորդին կը հարցնէ. ինչո՞ւ համար Վառնա (Պուլկարիա) օդանաւին տոմսին գինը 350 տոլարի սահմանին մէջ կը մնայ, ինչո՞ւ համար Հայաստան երթալը 700-ի մօտեցած է գրեթէ, կրկինը` դէպի Եւրոպա գացող օդանաւային սակէն:
Ինչպէ՞ս ընդառաջենք «Արի տուն» կանչին: Լիբանանի մասին է մեր հարցադրումը: Եթէ ընտանեկան այց մը կատարել փափաքինք, ինչպէ՞ս բերենք հաշիւը ծայրը ծայրին: Չի կարելի…
***
Հայաստանի Պատկերասփիւռային
Կայաններուն Փոխանցած Դասերը
Հայաստան աշխարհը այնքան մօտեցած է մեզի իր պատկերասփիւռային յայտագիրներով, որոնց դիմաց ցերեկին թէ գիշերով ժամեր կ՛անցընենք` դիտելով հաճելին, օգտակարը, հայաշունչը, համահունչը, հոգեւոր ու մտաւոր զրոյցները, դասաւանդումները, երգերը- երգ-երգոցները, պարերը եւ սերիալները…
Ա՜խ Այս Սերիալները,
«Կեանքի Կարուսել»-Ներով
Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի ամէնօրեայ յայտագիրներուն գլխաւոր բաժիններէն մէկն է 40-50 վայրկեան տեւողութեամբ իրական կեանքէ վերցուած պատմութիւններ` միշտ անբարոյական դէպքեր, ընտանեկան, ընկերային հակամարտութիւններ, որոնք հիմնուած են գողութեան, մարդասպանութեան, անհաւատարմութեան, կաշառքի եւ այլ ծուռ սկզբունքներու վրայ: Շատ դիւրին է խաբելը, սպաննելը, համաձայնուած ընկերութեամբ աւազակութիւն կիրարկելը, կողոպուտ-թալանը եւ այլն, եւ այլն: Այս ամէնը Հայաստանի հողին վրայ` զարմանք եւ զզուանք պատճառող: Յաւարտ կարճատեւ այս տեսարաններուն, խօսնակը կը յայտարարէ. «Եթէ նման պատմութիւններ ունիք, փոխանցեցէք մեզի, կը ներկայացնենք իբրեւ սերիալ, որ կը նշանակէ պատմուած-ապրուած դէպքեր:
Ինչո՞ւ կը շարունակուին անբարոյութիւն եւ ոճրագործութիւն ուսուցանող այս սերիալները, չենք հասկնար: Տարի մը առաջ անդրադարձած էինք այս հարցին, թէ ուսանելի կամ դաստիարակչական ըլլալէ աւելի, բարոյական քանդող ազդեցութիւն ունին անոնք, նոր ու մատաղ սերունդին կը սորվեցնեն գողութեան դասեր, ոճիր գործադրելու վարպետութիւն, ամուսնալուծումներու դիւրին դարձուածքներ, եւ այն, ինչ որ խոտոր կը համեմատի հայ ժողովուրդի ազգային բարքերուն եւ աւանդութեան:
Այս մասին պիտի չանդրադառնայինք, եթէ 2 յուլիսի երեկոյեան չլսէինք հարցազրոյց մը այս նոյն կայանէն, ընդմէջ Էջմիածնի միաբաններէն Կոմիտաս Յովնանեան վարդապետին եւ լրագրող Նուէր Մնացականեանի: Հարցազրոյցին շեշտուեցաւ նոյն օրը թաղումը կատարուած սպայ բժիշկ Վահէ Աւետեանին, որուն դէմ գործուած ահաւոր ոճիրը ժողովուրդին մէջ ստեղծեց բուռն զայրոյթ: Մեկնելով այս հարցէն` Կոմիտաս Յովնանեան հայր սուրբը անդրադարձաւ Հայաստանի պատկերասփիւռներէն ներկայացուած հակադաստիարակչական սխալ ներկայացումներու, որոնք կը ներկայացուին տաղանդաւոր դերասաններու կողմէ, այնքան բնական ու հարազատ խաղարկութեամբ, որոնց ի տես ակնդիրը կը կարծէ ու կը հաւատայ, թէ նոյնինքն այդ դերասանը կամ դերասանուհին է հեղինակը նոյն այդ բեմադրուած ոճիրին, գողութեան եւ ընտանիք քանդող անհաւատարմութեան:
Կոմիտաս Յովնանեան հայր սուրբը բողոքեց ձեւով մը եւ ապաբարոյ գտաւ սերիալներու ճամբով ցուցադրուած ներկայացումները, որոնք կը քանդեն նորագոյն սերունդին բարի, մաքուր հետաքրքրութիւնները` դէպի գեղեցիկին ու լաւին ուղղուած անոնց նայուածքը: Եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ ժողովուրդը մոռցած է Աստուծոյ, աստուածայինին, եկեղեցիին հանդէպ իր հաւատքը: Խորհրդային 70 տարիներու արհամարհուած եկեղեցիին հետեւողներու նկարագիրը փոխուած է, անհաւատութիւնը արմատացած է եւ դիւրին չէ արմատախիլ ընել այդ ցաւոտ համոզումը ժողովուրդին սիրտէն: Եկեղեցին միայն արտաքին կառոյց չէ, ըսաւ հայր սուրբը, այլ ան կը գտնուի մարդուն սրտին մէջ: Հետեւաբար ան մատը դրաւ այն կարեւոր խնդրին վրայ, որ կը թելադրէր անբարոյական սերիալներու դադրեցումը Հայաստանի հեռուստատեսութենէն: Յուսանք` կը կատարուի այս առաջարկը:
«Ժեներալին Աղջիկը» Կը Շարունակուի
Հայրենի մեր արուեստագէտ դերասանները հիանալի խաղարկութիւն ունին: Անոնք ունին առիթները եւ կարելիութիւնը այլ ներկայացումներու մէջ փայլելու: «Կարուսել» կոչուած այս թատերաշարը պէտք է ներկայացնէ հայրենի մեր ընտանեկան հարազատ պահուածքը, որպէսզի նոր սերունդին նկարագիրը չխաթարուի: Կը զարմանաք, որ ինչո՞ւ հայ մարդը հեռացած է իր առաքինութիւններէն: Հայրենասէրները սակաւաթիւ ըլլալ կը թուին, հայրենաթողները` բազում:
Ինչ կը վերաբերի «Ժեներալին աղջիկը» թատերական սերիալին, որուն 134-րդ բաժինը դիտեցինք մինչեւ հիմա, բայց ան ալ վերածուեցաւ ժխտական նկարագիրներ արտայայտող տիպարներու, հանդարտ, քաջ եւ ազնուական կերպարներու կողքին, խաղաղ ընտանիքներ քանդող երիտասարդներու:
Կը ձայնակցինք Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանի աղերսական առաջարկին:
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print



