Saturday May 25, 2013

Ոճրապատում «Սերիալ»-Ներու Յաղթարշաւը

By adminx - Thu Jul 12, 5:38 am

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Դժբախտաբար քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնն ու բարոյականութիւնը մէկդի ծրարած պետական այրերու ու վարչամեքենայի կենցաղն ու գործելակերպն է, որ սկսած է օրինականացնել անբարոյականութիւնը: Ո՞վ պիտի հաշուէ Երեւանի «խումարխանա»-ներն ու ամէն ինչ վաճառքի դրած զբօսավայրերը: Ու պիտի չզարմանա՜լ… երբ պատկերասփիւռի վրայ հարց արծարծուի, ու հասնի պատասխանը. «Երեւանի մէջ «սթրիփթիզ»-ի արուեստը դեռ շա՜տ ետ է մնում Եւրոպայից, պէտք է զարգացնել եւ հասնիլ Եւրոպային»:

Սեպտեմբեր 2004

Ե. Հ. Ք.

Պատկերասփիւռի կայաններուն սփռած յայտագիրներուն գումարը լուսապատճէնն է անոնց տէրերու ընկերային, հասարակական, մշակութային, քաղաքական ու բարոյական մտաշխարհին, բայց` ե՛ւ հետապնդած բազմապիսի նպատակներուն:

Պատկերասփիւռի կայանները նաեւ «դպրոց»-ներ են, որոնք հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը փորձեն առաւելագոյն թիւով եւ առաւելագոյն ժամերով «աշակերտ»-ներ եւ «ուսանող»-ներ նստեցնել իրենց պաստառներուն դիմաց, ի վերջոյ զանոնք ստրկացնելու` իրենց ճաշակին, արուեստի ըմբռնումին, մարդկային բարոյական արժեչափերուն, ընտանեկան վարքի հասկացողութեան, եւ անշուշտ… սորվեցնելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բրտութեամբ, դաւով, ոճիրով եւ ստորադասդ կամ հակառակորդդ անասունի տեղ դնելով` լուծել կեանքի բոլոր հարցերդ:

Մեր այս վերջին տողերուն համար տխուր օրինակ ունինք հայաստանեան պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուած սկիզբ ունեցող վերջ չունեցող «սերիալ»-ները…, որոնք ոճրապատումներ են միայն, գազանային կիրքերու, բռնարարքներու, դաւի ու բազմերես դաւաճանութիւններու, կողոպուտի ու չարաշահութեանց ցուցահանդէս մը, եւ այս բոլորը`գռեհիկ լեզուով մը, որ բերուած է գռիհներէն ու կը տեղաբաշխուի տուներէն ներս:

Ու եթէ կարելի չէ բառերով վերարտադրել պատկերը բռնարարքներուն ու ոճիրներուն, կարելի է վերարտադրել որոշ նախադասութիւններ, շատէն` շատ քիչը, որոնք «հերոս»-ներու խօսակցութեան հիմնական բառապաշարին մաս կը կազմեն. «Կը սատկեցնեմ քեզ…» (դուք պիտի չկարենաք հաշուել, թէ իւրաքանչիւր կէս ժամի ընթացքին քանի անգամ կը գործածուի այս խօսքը): Եթէ քիչ մը բարձրանայ զայրոյթի աստիճանը` «Գերդաստանիդ վերջ կը տամ…», «Անասո՛ւն, բոլորդ կ՛այրեմ…», «Սաղին կը կիւլլեմ… ծուխը դրանց գանկից դուրս կը գայ…», «Կը մորթեմ քեզ»:

Եւ խօսքը կը դրուի գործի: Տեսե՞ր էք «սերիալ»-ներէն մէկուն «հերոս»-ը… կոչեցեալ` «Լորտ», որ իր ձեռքին տակ ունի ոճրագործներու խմբակ մը, որոնց ինք պիտի հրահանգէ` «երկինքէն իջեցնել», «գետնի տակէն հանել» իր հակառակորդը եւ ղրկել… սատանի ծոցը:

Ու քանի՜ «սերիալ»ներու մէջ քանի «լորտ»-եր:

Եւ այս բոլորը` շքեղագոյն մենատուներու, նորագոյն տիպի ինքնաշարժներու, խմիչքի ու բախտախաղի սրահներու, չարչարանքի նկուղներու աշխարհի մը մէջ:

Ու պատահական չէ, որ միայն վերջերս Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան կ՛ըսէր «Մեր «սերիալ»-ները դիտողները պիտի կարծեն, որ աշխարհի մաֆիոզներու կեդրոնը Հայաստանն է»:

Բայց «սերիալ»-ները բան մը չե՞ն պատմեր Հայաստանի ներկայ իրականութեան մասին:

Եւ այս «սերիալ»-ներու առաւօտ-գիշեր եթեր սփռուելէ ետք, ինչո՞ւ է զարմանքը, թէ նոր սերունդը Հայաստանի մէջ ի՛նչ կենցաղ կ՛որդեգրէ: Ամիս մը առաջ էր երբ հայրենի պատկերասփիւռի բոլոր կայաններէն ապշանքով ցուցադրեցին  պատանի, դպրոցական աղջիկներու ծեծուըրտուքը փողոցի մէջ` համեմուած գռեհիկ հայհոյանքներով… ու եղածին պատճառներու փնտռտուքին մէջ (գէթ ինչ մենք ակնդիր էինք), ոչ ոք նշեց, թէ պատկերասփիւռի կայաններու «բարիք»-ը մինչեւ ո՛ւր հասեր է…

Եւ հոս հետաքրքրական է մէջբերել վկայութիւն մը, որ 29 յունիս, 2012 թուականին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին կու գայ Հեռուսատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովի անդամ Յարութիւն Յարութիւնեանին բերնով: Ան կ՛ըսէ. «Ստոյգ գիտեմ, որ պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն տէրը իր տան մէջ կ՛անջատէ իր կայանին ալիքը, որպէսզի իր զաւակները «չփճանան» «սերիալ»-ներու հասցուցած «բարիք»-էն:

Հարցումը. իր զաւակներուն փրկութիւնը մտածող տէրը  երբեւիցէ կը մտածէ՞ իր տան պատերէն դուրս ապրող տասնեակ հազարաւոր մանուկներու ու պատանիներու մասին, թէ հոն` «շուկան կը թելադրէ»:

2011 թ. յունիսին Միացեալ Նահանգներու գերագոյն դատարանը, հետազօտութեանց արդիւնք, ընդունեց, որ համացանցի տեսերիզի խաղերը «ընկերային հարց» են, իսկ այս տարուան մայիսին բրիտանացի բարձրաստիճան օրէնսդիր մը թելադրեց յաւելեալ հսկողութիւն բանեցնել համացանցի տեսերիզի խաղերուն բովանդակութեան` հետեւելով Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի օրինակին («Նիուզուիք», 18 յունիս 2012, էջ 6):

Կը նշանակէ հսկողութիւնը միայն «տիրոջ» տան մէջ պիտի չկատարուի, այլ ուղղակի` պատկերասփիւռի կայաններուն:

Եւ հոս… մտահոգութեան միւս երեսը: Հարց պիտի չտա՞լ, որ երբ պաշտօնական վիճակագրութեամբ Հայաստանի ժողովուրդին 35.5 տոկոսը կ՛ապրի թշուառութեան մէջ (վիճակագրական այլ տուեալներ կը խօսին 50 տոկոսի մասին), երբ ժողովուրդին 39 տոկոսը, եթէ հնարաւորութիւն ունենայ, այսօր կը հեռանայ երկրէն, երբ գիւղերը կը պարպուին ու կը ծերանան, այս բոլորը վաղուան մասին մտահոգութիւն եւ այսօրուան համար նիւթ չե՞ն հայթայթեր պատկերասփիւռի որեւէ կայանի տիրոջ, ոեւէ ֆիլմարտադրիչի…, որոնք ոեւէ մէկէն աւելի լաւ գիտեն, որ տագնապը գեղարուեստական հարթակ բարձրացնելը շատ աւելի տպաւորութիւն կը գործէ եւ զգօնութեան կը դրդէ ժողովուրդը, քան` լրատուութեան միջոցով փոխանցուածը կամ մէկ-մէկ հարցազրոյցներու ընթացքին արծարծուած բանավէճը…

Բարեբախտաբար պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը` «Երկիր Մետիա», բաւական լուրջ մօտեցում ունի հարցին, հերթական վաւերագրական ժապաւէններով, առանց ճոռոմաբանութեան կու տայ գիւղերուն տխուր պատկերը: Յիշենք մեծանուն պատմաբան Նիկողայոս Ադոնցի ծննդավայր գիւղը` Բռնակոթը, որուն դպրոցը եթէ տարիներ առաջ 700 աշակերտ ունէր, այսօր միայն 300 աշակերտ ունի: Երիտասարդները անընդհատ կ՛արտագաղթեն, ու գիւղը կը ծերանայ: Բայց միայն Բռնակո՞թը:

Իրա՛ւ, կա՞յ տագնապը` հարցը համազգային ուշադրութեան կեդրոն բերելու: Եթէ կայ, կա՞յ աւելի լաւ միջոց, քան` գեղարուեստական ժապաւէններով զայն հրապարակ բերելը: Եթէ Մեծ եղեռնի բռնագաղթի օրերուն նուիրուած վաւերագրական կամ գեղարուեստական շարժանկար մը տարուած անչափ մեծ յաղթանակ կը նշանակէ…, ապա մեր օրերու արտագաղթ-«բռնագաղթ»-ը ո՞վ բեմ պիտի հանէ…

Բայց հարց պիտի տալ, քաղաքամայր Երեւանը խժռող դրամատէրերը, որոնք գինովցած են Երեւանի մէջ «փոքրիկ Իտալիաներ» (աւելի ողբա-երգիծական բան դժուար է լսել) կառուցելով, օր մը պիտի մտածե՞ն պարպուող ու ծերացող (իմա` մեռնող) հայկական գիւղերու ճակատագրին մասին:

Եւրոպայի հետ «ինտերագցիան» (մեր օրերուն Հայաստանը կախարդող բառը, համարկուիլ) իրագործելու հեւքոտ վազքին մէջ, որպէս թէ եւրոպական տարազով ժամանակակից ըլլալու հիւանդագին ցանկատեսութեամբ, ազգային արժէքները մոռացութեան մատնելու կեղծ ազատախոհական եզրերով ամէն ինչ շուկայ իջեցնելու դրամատիրական չարամիտ փորձը արդէն սկսած է աղէտ սփռել Հայաստանի կենցաղային, մշակութային ու բարոյական ճակատներուն վրայ:

Կրկնենք: Ինչ որ մտահոգիչ է, երկիրն ու ժողովուրդը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց դրած հարցերուն, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ (՞), մոռացութեան տրուիլն է` «ինտերագցիոն»-ով գինով` պատկերասփիւռի կայաններու եւ «սերիալ»-ներու տէր նոր հայերուն կողմէ:

Տագնապը` նաեւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Մեր ակնարկը վերջերս Պէյրութի մէջ հրատարակուած «Անթոլոգիա 18-33», հայրենի «արդի հայ արձակ»-ին նուիրուած հատորին մասին է, որ կ՛ընդգրկէ 22-35 տարիքը բոլորած տասներեք հեղինակներու երեսունհինգ տեղծագործութիւնները: Ըսենք, որ հոն «պատմուածք»-ներ կան, որոնք շատ լուրջ պատճառներով լոյս տեսնելու իրաւունք չունէին: Բայց մեր մտահոգութիւնը այլ է: Երկու հարիւր յիսուն էջերու վրայ տարածուած երեսունհինգ պատմուածքներուն մէջ հողի ու ժողովուրդի ո՛չ մէկ տագնապ, ո՛չ մէկ սրտցաւութիւն` ծերացող գիւղերու եւ արտագաղթի մասին, ոչ մէկ մտավախութիւն` արցախեան ճգնաժամի ու սահմանին սպառնացող նոր ճակատումներու մասին, ու դեռ` ո՛չ մէկ ակնարկ թշուառութեան մէջ տապլտկող ժողովուրդին մէկ լայն շերտին մասին: Տեղ մը միայն, քանի մը տող ակնարկ` դիմաեղծուող Երեւանի մասին:

Պատմուածքներու «ես» հերոսները կ՛ապրինք զիրենք օղակող նեղ շրջապատերու մէջ, իրենց փոքր ու տատանող սէրերով, իրենց սեռային տագնապներով ու հիւանդագին ցանկատեսութիւններու հետապնդումով, ուր օղիի շիշերը բացակայ չեն, ոչ ալ` ծեծուըրտուքները:

Վերադառնանք պատկերասփիւռին, ու հոն` մեծ գովազդի արժանացած «ծիծաղի ժամեր»-ուն: Չենք խօսիր ներկայացումներու «թատերական» այլանդակութիւններուն մասին, որոնք մինչեւ իսկ կը զիջին միմոսութեան: «Ծիծաղի ժամեր»-ուն մէջ, ժամանակի ընթացքին թափ առաւ… ժողովրդային տարազումով` «մէջքէն վար» «կատակաբանութիւնը», ուր գռեհկութիւնն ու յիմարաբանութիւնը չափ ու սահման չունին արդէն: Նշենք` իբր թէ շատ անմեղ նետուած խօսք մը. «Գիտես չէ՞, մեր երեխան էշ ախպօրս է քաշեր…»: Ու յանկարծ սրահը կը պայթի ծափով ու խնդուքով: Հանդիսատեսներէն ոմանք «խնդալէն կը մարին», ու մարդ պէտք է, որ յանկարծ աթոռներէն վար չսահին: Բայց ցաւալին, այդ հանդիսատեսներու առաջին շարքին վրայ, իրենց ներկայութեամբ գովազդողի պաշտօն ստանձնած ծանօթ երգիչներ ու դերասաններ…, որոնք իրենց խանդավառութեամբ կը ղեկավարեն սրահին ցնծութիւնը: Ու անհասկնալին` այն, որ ներկաներուն մէջ` երբեմն պատանեկան տարիք ոտք չդրած մանչեր եւ աղջիկներ: Եւ միակ մխիթարանքը` սրահին մէջ մէկ քանի անհատներ, որոնց դէմքին ժպիտ չ՛ուրուագծուիր…: Թէ անոնք ի՛նչ կը մտածեն այդ պահուն, այդ արդէն այլ հարց է:

Հիմա արդէն ժամանակն է վերջ տալու հեքիաթին, թէ` «ժողովուրդը սա է պահանջում»: Իր հողին ու ժողովուրդին դիմագիծի անաղարտ պահպանութեամբ մտահոգ, տաղանդաշատ ու հայրենանուէր երգահան Սասուն Պասկեւիչեան բարձրաձայն կը պատասխանէ. «Ո՞վ, ըսաւ, որ ժողովուրդը սա է պահանջում»:

Իրա՛ւ, ո՞վ ըսաւ: Ըսենք, թէ ո՛վ: Ոչ ոքի գաղտնիք է, թէ շուկայական վայրագ դրամատիրութիւնը գիտէ իր ծախսած միլիոններու հնարքներով «սորվեցնել» ժողովուրդին, թէ ի՛նչ պէտք է «պահանջէ», եւ ապա ինք… զոհաբերող «հոգատարութեամբ» կը մատակարարէ «ժողովուրդին պահանջածը»:

Հերիք եղաւ, պոլ եղաւ: Ոչ ոք իրաւունք ունի իր գրպանը պարարտացնելու համար ժողովուրդ ու մշակոյթ այլասերելու:

Վերջացնելու համար ըսենք. Հայաստանի մշակութային կեանքի պատասխանատուներն ու պատկերասփիւռի կայաններուն տէրերը, որոնք ամէն ճիգ կը թափեն հասնելու ե՛ւ սփիւռքին…, այնտեղէն նաեւ իրենց համար եկամտաբեր գովազդ ապահովելու ակնկալութեամբ, պիտի իմանան, որ սփիւռքը, մինչեւ իրենց տեղ հասնիլը, մինչեւ կոկորդ կշտացած էր միջազգային պատկերասփիւռի կայաններէն եթեր հանուած վայրագութիւններով, սեռային այլանդակութիւններով ու գռեհկաբանութիւններով: Կը նշանակէ` իրենց «սերիալ»-ներն ու «ծիծաղի ժամեր»-ը զարմացնելու ոչինչ ունին, զզուեցնելու` շատ բան:


2 յուլիս 2012

Leave a Reply

Advertisement