Գաղութէ-Գաղութ
By adminx - Thu Jul 12, 5:34 am
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիա
34 Հնարքներ` «Գիտական
Ստեղծագործութիւններու»
Առաջին Ցուցահանդէսին
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Ս.Հ.Շ.Հ.Մ.-ի, գործակցութեամբ «Լեզաքօ» հիմնարկին, 1 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Գիտական ստեղծագործութիւններու» առաջին ցուցահանդէսին, ուր հանրութեան ներկայացուեցան գիտական 34 հնարքներ, որոնցմէ շատեր կրնան թերեւս ստեղծագործական իւրայատկութեան վկայագրի արժանանալ:
«Լեզաքօ» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Ետալեան նկատել տուաւ, որ այս առաջին ցուցահանդէսը կրնայ հիմնաքարը եւ մղիչը հանդիսանալ երիտասարդ հնարագէտներու եւ անոնց շնորհներու բացայայտման, աւելցնելով, որ կարիքը ունին երիտասարդութեան ստեղծագործ մտքերուն եւ գիտական իրագործումներուն:
Այնուհետեւ մասնակիցները ներկայացուցին իրենց հնարքներուն մասին տեղեկութիւններ:
Ցուցահանդէսի բացման աւարտին յիշատակի արձանագրութիւններ յանձնուեցան կազմակերպիչներուն եւ վկայականներ` աւելի քան յիսուն մասնակիցներու:
Պոլիս
Տարօն Աճեմօղլու Ստացաւ
«Կալաթասարայ» Մրցանակը
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, բնիկ պոլսահայ, իրաւաբան Գէորգ Աճեմեանի եւ բանաստեղծ Իրմա Աճեմեանի որդին` Տարօն Աճեմօղլու, 24 յունիսին Կալաթասարայի վարժարանի «Թեւֆիք Ֆիքրեչ» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին ստացաւ նորահաստատ «Կալաթասարայ» մրցանակը: Մրցանակը առաջին անգամն է, որ կը յանձնուի կալաթասարայցիի մը:
Տարօն Աճեմօղլու իր աշխատանքը ներկայիս կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իր մրցանակը ստանալու համար եկած էր Պոլիս:
Տարօն Աճեմօղլու ելոյթ ունենալով` յայտնեց, թէ իրեն համար շատ նշանակալից է այս մրցանակը, մանաւանդ որ մրցանակը առաջին անգամ իրեն կը տրուի, եւ ասիկա մեծ հպարտութիւն կը պատճառէ իրեն, աւելցնելով, որ Կալաթասարայ վարժարանը այն հաստատութիւնն է, ուր ինք ամբողջացուցած է իր մտածումներն ու կրթութիւնը: Ան դրուատեց նաեւ Կալաթասարայցիներու միութիւնը` յայտնելով, որ այս միութիւնը շատ կարեւոր դեր կը կատարէ Թուրքիոյ տարածքին:
Փրոֆ. տոքթ. Ասաֆ Սաւաշ Ագաթ խօսք առնելով, դրուատեց Տարօն Աճեմօղլուն` յայտնելով, որ անիկա տնտեսական մարզին մէջ աշխարհի ամէնէն եզակի դէմքերէն մէկն է, գիտնական մը, որ մօտ օրէն պիտի արժանանայ Նոպէլեան մրցանակի:
Թեհրան
Թեհրանի «Սիփան» Միութեան «Արեգակ»
Մանկական Երգչախումբին Անդրանիկ Երգահանդէսը
22 յունիսին Թեհրանի «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ նոյն միութեան «Արեգակ» մանկական երգչախումբը ունեցաւ իր անդրանիկ երգահանդէսը ղեկավարութեամբ «Զուարթնոց» երգչախումբի մեներգչուհի Էմինէ Մելքոմի:
Նախքան ծրագրին սկսիլը` բացատրութիւններ տրուեցան նորակազմ «Արեգակ» մանկական երգչախումբին մասին, որմէ ետք երգչախումբը երկու բաժինով կատարեց 21 հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն երգեր:
Տոքթ. Հարմիկ Դաւթեանի
Կիսանդրիի Բացում
Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, 29 յունիսին տեղի ունեցաւ երեք տարի առաջ իր մահկանացուն կնքած իրանահայ ազգային-հասարակական բազմավաստակ գործիչ, Իրանի արդի հոգեբուժութեան հիմնադիր, ակադեմիկոս տոքթ. Յարութիւն (Հարմիկ) Դաւթեանի կիսանդրիին բացումը: Կիսանդրին գործն է հայաստանցի արձանագործ Գագիկ Ստեփանեանի:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Ռոպերթ Մարգարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` կատարուեցաւ կիսանդրիին բացումը:
Այնուհետեւ Մակար վրդ. Աշգարեան կարդաց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին յղած պատգամը, որմէ ետք ելոյթ ունեցան` Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Պապախանեան, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Իսլ. խորհրդարանի երեսփոխան տոքթ. Հատտատ Ատել, Թեհրանի եւ հիւս. իրանահայութեան երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեան, հոգեբուժներ` տոքթ. Նուրպալա ու տոքթ. Մոհիթ եւ «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Զարիֆեան, որոնք վեր առին տոքթ. Հարմիկ Դաւթեանին վաստակը` որպէս հայրենասիրական ու մարդասիրական վեհ յատկանիշներով օժտուած անհատ, ազգային-հասարակական յանձնառու գործիչ, բարձրարժէք գիտնական-հոգեբուժ եւ պարսկական գրականութեան քաջածանօթ մտաւորական:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Հարմիկ Դաւթեանի կինը` Հռիփսիմէ Դաւթեան:
Չեխիա
Ցեղասպանութիւններու Նուիրուած
Գիտաժողով
Հովանաւորութեամբ Չեխիոյ վարչապետ Փեթր Նեչասի, կազմակերպութեամբ «Չարիքի հնէաբանութեան» ուսումնասիրութեան կեդրոնին «9 դարպաս» փառատօնի շրջագիծին մէջ 18-20 յունիսին տեղի ունեցաւ «Մուսա լեռներ» խորագրով գիտաժողովը:
«Վիոլա» թատրոնին մէջ տեղի ունեցած բացման արարողութեան ելոյթ ունեցան չեխ հրապարակախօս, Հրէական ողջակիզման վերապրածներու զաւակ Փաւել Ճունա եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Սէյրանեան: Դեսպանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» ստեղծագործութեան` նշելով, որ Չեխիոյ հայ համայնքը ամէն տարի 24 ապրիլին յարգանքի տուրք կը մատուցէ նաեւ անոր` ծաղիկներ զետեղելով Փրակայի մէջ գտնուող անոր տան սեմին: Այնուհետեւ դեսպանը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին` միաժամանակ մասնակիցներուն ներկայացնելով Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Գիտաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան Փրակայի Քարլի համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքին մէջ: Մուսա լերան ինքնապաշտպանութեան նիւթով հանդէս եկաւ Նորթրիճի Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի դասախօս, հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագրի տնօրէն, ծագումով մուսալեռցի Վահրամ Շեմմասեան: Հայոց ցեղասպանութեան եւ պաշտօնական Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան անդրադարձաւ նաեւ Շուէտի Ուփսալայի համալսարանի դասախօս Փոլ Լեւին:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ Էնտրու Կոլտպերկի «Հայոց ցեղասպանութիւնը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը:
Միացեալ Նահանգներ
Աւարայրի Նիւթով Ժապաւէն
Վերջերս Մել Կիպսըն եւ Միքայէլ Իսրայէլեան հանդիպում մը ունեցան շարժանկարի արտադրիչ, լոսանճելըսաբնակ Ռոժէ Քիւփելեանին հետ` քննարկելու համար Վարդանանց հերոսամարտը ներկայացնող «Իսթ աֆ Պիզենթիըն»` «Բիւզանդիոնի արեւելքը» ժապաւէնին ծրագիրը:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 մայիսին` Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, Հայաստանի մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին յոյս յայտնած էր, որ Մել Կիպսըն այս տարի կ՛այցելէ Հայաստան եւ անոր հետ կը քննարկուի այդ ժապաւէնի համաձայնագիրը:
Քիւփելեան նկատել տուաւ, որ այս ժապաւէնին հետապնդած գլխաւոր նպատակն է` հայը դուրս բերել զոհի սովորական կարգավիճակէն եւ անոր տալ մարտնչողի դիմագիծ:
Յայտնենք, որ «Սիսթեմ աֆ ը տաուն» հայկական ռոք խումբի երգիչ Սերժ Թանգեան պիտի ստանձնէ ժապաւէնին երաժշտական պատրաստութիւնը:
Առաջնորդարանի Բանտային
Ծառայութեան Պատասխանատու
Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան Կը Գնահատուի
Կազմակերպութեամբ ոստիկանապետի գրասենեակի եւ բանտային ծառայութիւնները վերահսկող բաժանմունքին, երրորդ տարին ըլլալով, վերջերս տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու գնահատման հաւաք» մը, որուն ընթացքին Ազգային առաջնորդարանի բանտային ծառայութեան պատասխանատու Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան հանրային իր բազմամեայ ծառայութեան ու յատկապէս բանտարկեալներուն իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց համար արժանացաւ յատուկ գնահատագիրի մը` այլ կամաւոր ծառայողներու կարգին, որոնք կրօնական եւ ընկերային ծրագիրներու ճամբով օգտակար կ՛ըլլան բանտարկեալներու:
Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան երկու տարի առաջ յատուկ գնահատանքի արժանացած էր նաեւ Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ:
Հարկ է նշել, որ հայ բանտարկեալներու հոգեւոր մատակարարութեան մասնակից է Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, որ նմանապէս տարիներէ ի վեր կ՛այցելէ Լոս Անճելըսի բանտերը, իսկ վերջերս այս աշխատանքին միացաւ նաեւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան:
Ճեք Մսըրլեան Կը Մեծարուի
«Փրկութեան Բանակ»-ին Կողմէ
Թորընսի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Ճեք Մսըրլեան վերջերս մեծարուեցաւ բարեսիրական «Փրկութեան բանակ»-ի Թորընսի մասնաճիւղին կողմէ` ստանալով Քեթի Կէյսըրթի անուան մրցանակը, բարեսիրական կազմակերպութեան Թորընսի մասնաճիւղին անոր ցուցաբերած օրինակելի նուիրումին համար:
Տարին անգամ մը շնորհուող այս մրցանակին յանձնման նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթին ներկայ էին մօտաւորապէս 150 հոգի, իսկ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր «Մերիմաունչ» համալսարանի նախագահ տոքթ. Մայքըլ Պրոֆի:
Մեծարեալը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն շնորհուած այս պատիւին համար:
Ճեք Մսըրլեան վերջերս Կամաւորներու կեդրոնի Հարաւային ծովածոց-Հարպըր-Լոնկ Պիչ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ընտրուած էր` դառնալով անոր անդամարշաւի յանձնախումբին պատասխանատուն: Ան
1994-ին եւ 1998-ի Թորընսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է` ստանձնելով քաղաքապետութեան շարք մը յանձնախումբերու ատենապետութիւնը: 1979-ին նշանակուած է Քալիֆորնիոյ համայնքային համալսարաններու հոգաբարձութեան անդամ: Ան նաեւ անդամ է կամաւորական շարք մը կազմակերպութեանց ու եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետը, իսկ 8 տարի ալ եղած է «Արարատ տան» հոգաբարձութեան անդամ:
Քանատա
Արիս Պապիկեան Քաղաքացիութեան
Դատաւոր Վերանշանակուեցաւ
27 յունիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Քանատայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քենի յայտարարեց, թէ Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւոր վերանշանակուած է Արիս Պապիկեան, երկրորդ շրջանի մը համար, 3 տարուան ժամանակաշրջանով: Ան այս պաշտօնին կոչուած էր 2009-ին:
Քաղաքացիութեան դատաւորները պատասխանատու են որոշումներ կայացնելու քաղաքացիութեան դիմումներու նկատմամբ, նաեւ` նախագահելու քաղաքացիութեան շնորհման հանդիսութեան երդման արարողութիւնները:
Դատաւոր Արիս Պապիկեան, նախքան կոչուիլը այս պաշտօնին, երկար տարիներ ծառայութիւններ մատուցած է որպէս խորհրդատու Քանատական գաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերու:
Ան որպէս լրագրող` հիւրընկալուած է շատ մը հեռատեսիլի կայաններէ եւ մասնակցած` ձայնանասփիւռի մասնագիտական ծրագիրներու: Իր յօդուածները ու հարցազրոյցները տպուած են միջազգային բազում թերթերու եւ հանդէսներու մէջ:
Արիս Պապիկեան երկար տարիներ վարած է «Արմինիըն Նեշընըլ Ֆետերէյշըն աֆ Քանատա»-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է «Քանատիըն էթնոքալչըրըլ քաունսըլ»-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող` անդամակցած է «Նեշընըլ էթնիք միտիա էնտ փրես քաունսըլ աֆ Քանատա»-ի:
Քանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առթիւ ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին:
Դատաւոր Պապիկեան իր դատաւոր վերանշանակման առիթով յայտարարեց, որ պատիւ է իրեն համար ծառայել Քանատայի ժողովուրդին եւ կառավարութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ճէյսըն Քենիի եւ Քանատայի կառավարութեան` իրենց վստահութեան ու համարումին, իր մասնակցութեան `քանատայի վերելքին, արժէքներու պահպանման եւ քանատական քաղաքացիութեան գործընթացի սատարման:
Պատրաստեց՝
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print



