50 Տարի Առաջ ( 12 Յուլիս 1962 )
By adminx - Thu Jul 12, 5:31 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Ս. Յակոբ Վարժարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Ս. Յակոբ ազգային բարձրագոյն նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 30 յունիսի երեկոյեան, «Ազատամարտ» սրահին մէջ բարձր հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ նախագահութեամբ Վահրամ Քէօրօղլեանի:
Հանդէսը բացուեցաւ լիբանանեան եւ վարժարանիս քայլերգներով, որոնք երգուեցան դպրոցի երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Յովսէփ Շմաւոնեանի: Ղազար Չարըգ` վարժարանին տնօրէնը, իր միամեայ տեղեկագրին մէջ վեր հանեց դպրոցին կատարած նուաճումները բոլոր մարզերուն մէջ, ի մասնաւորի շեշտելով, որ ինչ որ իբրեւ թնճուկ կը ներկայանայ հանրային կարծիքին առջեւ, «Սուրբ Յակոբ»-ը լուծած է զուգահեռաբար իր սաներուն տալով ազգային տոհմիկ կրթութիւն եւ օրուան պահանջը գոհացնող գիտելիքներ, այսինքն` զանոնք յաջողցնելով պետական սերթիֆիքայի քննութեանց մէջ եւ զանոնք պատրաստելով որպէս առողջ ու ամուր հաւատքով հայեր:
Ապա խօսք առաւ դպրոցին արաբերէնի այցելու ուսուցիչ Իպրահիմ Պուսթանի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններուն այն մտերմիկ ընտանեկան մթնոլորտին համար, որ պաշտօնակիցները ունին իրարու հանդէպ եւ` այն բարեկիրթ ու յարգալից վերաբերումին համար, զոր աշակերտութիւնը կը տածէ իր ուսուցիչներուն նկատմամբ:
Աշակերտութեան կողմէ եղան խմբական 2 արտասանութիւններ եւ մէկական արտասանութիւն` օտար լեզուներով, որոնց առընթեր երգչախումբը կատարեց բազմաձայն խմբերգներ` կատարեալ ներդաշնակութեամբ եւ խոր ապրումով: Գնահատելի է Յովսէփ Շմաւոնեանը իր կատարած գործին համար: Ապա 19 ընթացաւարտ-ընթացաւարտուհիներ ստացան իրենց վկայականները օրուան նախագահին ձեռքէն, որմէ ետք Վարդան վրդ. Տեմիրճեան (կրօնի ուսուցիչը դպրոցին) իր հուսկ բանքին մէջ թելադրեց, որ շրջանաւարտները ապագային ըլլան այնպիսի ուսանողներ, որ պատիւ բերեն իրենց դպրոցին, ըլլան այնպիսի անհատներ, որ պատիւ բերեն իրենց շրջապատին եւ ըլլան այնպիսի հայեր, որ հպարտանքը դառնան իրենց ազգին եւ ողջ մարդկութեան:
Հանդէսէն ետք Շրջանաւարտից միութիւնը, ի պատիւ վկայեալներուն, պզտիկ հիւրասիրութիւն մը ըրաւ, ուր խօսք առնելով` դպրոցին թաղական խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Սարգիսեան ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այսօր ձեր վկայականներով ձեզի չափ մենք ալ ուրախ ենք, եւ ապագայի ձեր յաջողութիւնները կը խանդավառեն մեզ` ձեր պարագաներուն չափ: Դուք այս հաստատութեան անդամներն էք եւ անիկա ամէն վայրկեան բաց է ձեր առջեւ. ձերն է ան եւ ձեր կապը անոր հետ պէտք է ըլլայ Շրջանաւարտից միութեան ճամբով. ուրեմն այս վայրկեանէն սկսեալ դուք կը դադրիք մեր աշակերտները ըլլալէ եւ կը դառնաք մեր Շրջանաւարտից միութեան նոր ու եռանդուն անդամները:
Օրուան նախագահը խանդավառուած այս տպաւորիչ ու խնամուած հանդէսէն` դպրոցիս նուիրեց 300 լ. ոսկի:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Ազգային Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ
Երկուշաբթի, 28 մայիս.- Տեղւոյս մարոնի «Մար Մարուն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս: Նկարներու բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայր եւ որդի Վարդավառ Հարմանտայեան եւ Տիրան Հարմանտայեան, որոնք մեծ գնահատանքի արժանացան թէ՛ տեղական արաբատառ թերթերուն եւ թէ՛ ականաւոր անձնաւորութիւններու կողմէ:
Երեքշաբթի, 19 յունիս.- Քաղաքս այցելեց Բ. Թաշեան: Հիւսիսային Լիբանանի զանազան տեսարժան վայրերը պտտելէ, ետք, այցելեց նաեւ «Նաւասարդ» ակումբ, Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան եւ Նորաշէն եկեղեցին: Երեկոյեան ընկերը վերադարձաւ շատ գոհ տրամադրութեամբ:
Հինգշաբթի 21 յունիս.- Շրջանիս Օգն. խաչի մասնաճիւղը ընտրեց իր նոր վարչութիւնը: Դիւանը կազմուեցաւ երկուշաբթի 25 յունիսին. ատենապետուհի Ալիս Նալպանտեան, քարտուղարուհի Երանուհի Ալպարեան, գանձնապահ Յասմիկ Գույումճեան, գոյքապահ Սիրուն Թելեան, արծուիկներու պատասխանատու Սարի Տնկիկեան, խորհրդականներ` Ազատուհի Մահտեսեան եւ Ա. Չուխատարեան:
Ուրբաթ, 22 յունիս.- տեղի ունեցան Հայ աւետ. բարձր վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Կիրակի, 24 յունիս.- Շրջանիս Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով «Գողթան» երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերող անդամ-անդամուհիները մեկնեցան Ռաշիինի ակը: Օրը անցաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:
Երեքշաբթի- 26 յունիս.- Իր մահկանացուն կնքեց Վարվառէ Տնկիկեան` մայրը Առաքել Տնկիկեանի: Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 27 յունիսին:
Հինգշաբթի- 28 յունիս.- տեղի ունեցաւ հայ աւետ. բարձր. վարժարանի ամավերջի հանդէսը: Կատարուեցաւ նախակրթարանի բաժնի եւ բարձրագոյն կարգի վկայականաց բաշխումը:
ԼՐԱՏՈՒ
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



