Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Thu Jul 12, 5:30 am
- 0 Comments
- 69 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Խմբական աշխատանք մը իրագործելու պիտի հրաւիրուիք: Այս պարագային նկատի առէք իւրաքանչիւր գործակիցի կարողութիւն եւ հետեւեցէք անոր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեր արտայայտած միտքերը պիտի ընդունուին: Ձեր խոստումին տէրը եղէք, որպէսզի վստահութիւն ունենան ձեր վրայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հարցի մը շուրջ համաձայնութիւն կատարեցէք, մանաւանդ երբ խնդիրը կը վերաբերի նիւթականի: Անկողմնակալ դիրքաւորում ունեցէք: Օրը խաղաղ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի հանդիպիք շատոնց չտեսած ձեր մէկ բարեկամին: Օրը կրնաք անցընել անոր հետ, մտերմաբար: Ան կրնայ օգնել ձեր նոր ծրագրին իրագործման:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամառնային այս եղանակին առիթներ ստեղծեցէք ընկերովի պտոյտներ կազմակերպելու: Նախընտրեցէք լեռնային օդասուն վայրերը, ուր լռութիւն կը տիրէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանք մը, որ ծանր կը թուէր ձեզի, աւարտած ըլլալու ուրախութիւնը պիտի զգաք: Առանձին իրագործուած ծրագիր մը աւելի կ՛արժեւորուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ամէն մարդու ըսածին հաւատք մի՛ ընծայէք: Անոնց կարծիքը տարբեր ուղղութեամբ կ՛երթայ, իսկ ձեր ծրագիրը այլ կերպ պէտք է կարգադրուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր տեսք մը ունենալու ձեր փափաքը կրնաք կատարել` երթալով շուկայ կամ այցելելով նորաձեւութեան սրահ մը, որպէսզի տեղեակ ըլլաք օրուան նորութիւններուն: Յետամնաց ըլլալը հաճելի չէ ընկերութեան մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը սիրէք գաղտնապահութիւնը, բայց այսօր պիտի արտայայտուիք հարցի մը մասին, որ ձեզի չի վերաբերիր: Ուրիշին գործին միջամուխ մի՛ ըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բախտին մոլորակները լաւ դիրքի վրայ են ու պիտի պաշտպանեն ձեզ վտանգներէ եւ ձախողութիւններէ: Օրը նկատեցէք բախտաբեր եւ շինիչ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք զօրաւոր նախազգացում, հետեւեցէք անոր եւ ոչ արտաքին թելադրանքի: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ, որ պիտի երաշխաւորէ ձեր յաջողութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ինքնաշարժ կը վարէք, նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք մեքենական վիճակը, որպէսզի կէս ճամբան չմնաք: Նախազգուշութիւնը անհրաժեշտ է:
- 0 Comments
- 69 views
- Tweet
Email
Print



