Friday May 24, 2013

Պասքեթպոլ. Ուրբաթ, 13 Յուլիսին, Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Կը Սկսի Իր Փորձերուն

By adminx - Wed Jul 11, 5:58 am

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ)` ներկայութեամբ մարզիչ Ղասսան Սարգիսի:

Այս հանդիպումին ներկայ էին 14 մարզիկներ: Կը բացակայէին Շարլ Թապեթ, Ալի Քանաան (ճամբորդած), Ղալեպ Ռիտա եւ Ռոյ Սըմահա (վիրաւոր): Այդ 14-ին կարգին էր երիտասարդ մարզիկ Ահմետ Իպրահիմ, որ հաւանաբար միանայ խումբին:

Որոշուեցաւ ուրբաթ, 13 յուլիսին սկսիլ Լիբանանի ազգային խումբին փորձերուն` պատրաստուելու համար 14-22 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ: Սակայն նախքան այս ախոյեանութեան մասնակցիլը, Լիբանան պիտի մասնակցի այլ մրցաշարքի մը` «Ճոնզ Քափ»-ին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի կիսուն:

Շատ հաւանական է, որ ըստ Ղասսան Սարգիսի, Լիբանան յատուկ բանակում մը կատարէ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ, անշուշտ եթէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ անհրաժեշտ նիւթական միջոցները տրամադրէ ազգային խումբին:

Leave a Reply

Advertisement