Ներկայացնելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովին Արդիւնքները` «ՀՅԴ-ն Վերահաստատեց Ամբողջական Իշխանափոխութեան Ուղեգիծը» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան
By adminx - Wed Jul 11, 7:43 am
- 0 Comments
- 141 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուցին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովին արդիւնքները:
Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Գերագոյն ժողովին ժամանակ, շարք մը այլ հարցերու հետ, քննարկուած են նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի արձանագրած արդիւնքները: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ընկերը նշեց, որ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք եկած են այն եզրայանգումին, որ ՀՅԴ-ի հաւաքած ձայներուն համար եղած են ինչպէս առարկայական, նոյնպէս ալ ենթակայական պատճառներ: Առարկայական պատճառներուն պարագային, ըստ Ռուստամեանի, Գերագոյն մարմինը ինչպիսի՛ կազմ ալ ունենար, արդիւնքը գրեթէ նոյնը պիտի ըլլար: «Անազնիւ, անարդար պայքար մը եղած է: Եթէ մենք պայքարած ենք մեր պաշարով, մեր դիմացինը պայքարած է ամբողջ պետական պաշարով, մենք պարտուած ենք պետութեան վարչական-նիւթական պաշարին դիմաց», ընդգծեց Ռուստամեան:
Ան ըսաւ, թէ ենթակայական պատճառը այն էր, որ կարելի չեղաւ քաղաքացին համոզել 10 կամ 20 հազար դրամ չվերցնել, քանի որ այդ պարագային կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Ռուստամեան աւելցուց, որ համոզելու համար նորընտիր Գերագոյն մարմինը պէտք է նոր ճիգ եւ եռանդ գործադրէ:
Ան յայտնեց, որ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք ընդգծուած է, որ նախկին Գերագոյն մարմինի ուղեգիծը ճիշդ էր, սակայն եղած են անբաւարար քայլեր, որոնք չեն գոհացուցած Գերագոյն ժողովի ընկերները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ր պարագային նախագահական ընտրութիւններուն կրնան չպարտուիլ իշխանութեան վարչական-նիւթական պաշարին դիմաց, Ռուստամեան ըսաւ, որ խնդիրը այն է, որ պարտութեան առարկայական պատճառները տակաւին գոյութիւն ունին, պէտք է հակակշռող միջոցներ ձեւաւորել, այդ իսկ պատճառով դրած են ընդդիմութեան միջոցները զօրաշարժի ենթարկելու խնդիր:
Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Գերագոյն ժողովի ընթացքին քննարկուած են տարբեր հարցեր: Մանրակրկիտ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, մասնաւորապէս` ծայր աստիճան աղքատութեան, աննախադէպ արտագաղթին, բոլոր մարզերուն մէջ մենաշնորհներուն եւ օրէ օր աճող արտաքին պարտքին:
Ան նշեց, որ «Հարսնաքար»-ի դէպքէն ետք աւելի պարզ դարձաւ, թէ որքա՛ն անպաշտպան է հայ քաղաքացին իր երկրին մէջ` ընդգծելով միաժամանակ, որ արդէն յստակ է, որ պէտք է յստակ հարցադրումներով մտնել հրապարակ, փորձել համախմբել ընդդիմադիր ուժերը եւ հասարակութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն տրամադրուած է նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցիլ սեփական թեկնածուով:
Սակայն հաշուի առնելով ընդդիմութեան կողմէ միասնական թեկնածուով հանդէս գալու տարբերակը` վերջնական որոշում, ըստ Ռուստամեանի, տակաւին չկայ: Նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ ՀՅԴ-ն որոշում պիտի տայ ՀՅԴ Գերագոյն ժողովի յատուկ նիստի մը ընթացքին, որ հրաւիրուած պիտի ըլլայ միայն այդ հարցին համար: Արմէն Ռուստամեան նաեւ դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ն տրամադրուած է աշխուժօրէն մասնակցիլ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ-ի համար նախագահական ընտրութիւններուն սեփական թեկնածուով հանդէս գալը ինքնանպատակ չէ, կարեւորը մրցակցային դաշտ ստեղծել կարենալն է: Ան աւելցուց, որ իշխանափոխութեան համար, որ կը գտնուի ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ, պէտք է ընել ամէն ինչ:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ հաւանակա՞ն է, որ նախագահական ընտրութեանց միասնական թեկնածուն ըլլայ ընտրութիւններու վերահսկման միջկուսակցական միասնական կեդրոնի կուսակցութիւններուն կողմէ, Ռուստամեան ըսաւ, որ այդ կեդրոնը իր առաքելութիւնը աւարտած է, հիմա կայ 50 առ հարիւրէ աւելի ընտրազանգուածի առկայութիւն, եւ որեւէ լուրջ քաղաքական ուժ պէտք է կարենայ գտնել եզրեր` այդ դաշտը համախմբելու համար:
Ըստ Ռուստամեանի, միասնական թեկնածուն պէտք է հանդէս գայ երկու թեզով` հրաժարիլ երկրի կառավարման այս համակարգէն` անցում կատարելով խորհրդարանական համակարգին, եւ ընդդիմութեան վերապահել իշխանութիւններուն վերահսկելու եւ զանոնք հակակշռելու յստակ լծակներ: «Եթէ այս երկու կարեւոր գաղափարներուն շուրջ համախոհութիւն յառաջանայ, թեկնածու միշտ ալ կը գտնուի», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ թեկնածուն կրնայ ըլլալ ո՛չ ՀՅԴ-էն, ո՛չ Հայ ազգային քոնկրեսէն, ո՛չ ալ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն, այլ երրորդ անձ մը, որ լաւ գիտէ երկիրը, մեր խնդիրները եւ նախագահ պիտի ըլլայ` այդ խնդիրները լուծելու համար:
Ռուստամեան չնշեց միասնական թեկնածուի հաւանական անուններ` շեշտելով, որ անունները երկրորդական են, կարեւորը վերոնշեալ երկու խնդիրներուն շուրջ համախմբուիլն է: «ՀՅԴ-ն նախագահի թեկնածուի ներուժ ունի, այսօր ալ թեկնածուի պակաս չունի, բայց կարեւոր կը նկատուի իշխանափոխութեան հասնելու արդիւնաւէտ միջոցը», ընդգծեց Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան դարձեալ անդրադառնալով ՀՅԴ Գերագոյն ժողովին յայտնեց, որ տակաւին դէպք մը չէ եղած, որ ժողովէն առաջ ի՛նչ ստայօդ լուրեր ըսես չտարածուին` իբրեւ թէ ՀՅԴ-ի մէջ պառակտում, լարուածութիւն կայ: Այդ լուրերը այդպէս ալ չարդարացան, որովհետեւ ՀՅԴ-ն իսկապէս ժողովրդավարական կառոյց է:
Ռուստամեան յատուկ կերպով ընդգծեց, որ ժողովը ընթացած է անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ եւ քննարկուած են 100-է աւելի խնդիրներ:
Անդրադառնալով այն շահարկումներուն, թէ ՀՅԴ-ի ժողովները փակ կ՛ընթանան, Ա. Ռուստամեան պարզաբանեց, որ ՀՅԴ-ի ժողովներուն մէջ նախապէս որոշումներ չեն տրուիր, անոնք կը ստեղծուին ժողովականներու քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք: «Ոչ մէկ ընտանիք կը ցանկայ կամ թոյլ կու տայ, որ իր ընտանեկան որոշումներուն մասնակից դառնան դրացիները», ըսաւ Ա. Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ճշդուած են ՀՅԴ-ի ընելիքները, վերահաստատուած է ամբողջական իշխանափոխութեան ուղեգիծը, որ կ՛ենթադրէ համակարգի եւ ոչ թէ առանձին անհատներու փոփոխութիւն:
- 0 Comments
- 141 views
- Tweet
Email
Print




