Sunday May 19, 2013

ՀՅԴ Գերագոյն Ժողովը Կ՛ընտրէ 11 Հոգիէ Բաղկացած Ղեկավար Մարմին Մը

By adminx - Wed Jul 11, 7:42 am

Անցեալ շաբաթ` 5-8 յուլիս Վանաձորի մէջ կայացած ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 17-րդ Գերագոյն ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները` ընտրելով Գերագոյն մարմինի նոր կազմ մը, որ կը բաղկանայ 11 անդամներէ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան հրապարակեցին նորընտիր կազմի անդամներուն անունները:

ՀՅԴ նոր Գերագոյն մարմինի անդամներն են` Արմէն Ռուստամեան, Միքայէլ Մանուկեան, Հրաչեայ Թադեւոսեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Արսէն Համբարձումեան, Արծուիկ Մինասեան, Ռոմիկ Մանուկեան, Աղուան Վարդանեան, Յովիկ Թադեւոսեան, Վարդան Ալեքսանեան եւ Արտաշէս Նիկոյեան:

Գերագոյն մարմինի նոր կազմին մէջ չեն ընդգրկուած նախկին կազմէն Արա Նռանեան, Սիմոն Սիմոնեան, Թաթուլ Յարութիւնեան եւ Հայրապետ Պապայեան:

Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ընտրուած է Արմէն Ռուստամեան: Առաջին անգամն ըլլալով, մարմինը ընտրած է նաեւ երկու փոխներկայացուցիչներ` Աղուան Վարդանեանն ու Արսէն Համբարձումեանը:

Գերագոյն մարմինի նոր կազմին մէջ ընդգրկուած են 6 նոր անդամներ, որոնցմէ 5-ը նախապէս երբեք Գերագոյն Մարմինի անդամ չեն եղած:

 

 

Leave a Reply

Advertisement