Զանիեր. «Արձակազէններու Հեռացումն Ու Միջադէպերու Հետաքննութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Սթաթիւս Քոն Պիտի Չամրապնդեն»
By adminx - Wed Jul 11, 7:38 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
«Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խաղաղ համաձայնագիրէն այլ տարբերակ չկայ, իսկ տագնապին կողմերը պէտք է իրական քաղաքական կամք եւ նախապէս որդեգրուած պարտաւորութիւններու կատարման պատրաստակամութիւն ցուցաբերեն:
«Խաղաղութեան կերտումը բարդ հոլովոյթ է եւ խիզախ որոշումներու որդեգրում կը պահանջէ: Հարցը այն չէ, որ մեղքի բաշխում ըլլայ, այլ յառաջընթացի հասնելու ուղիներ պէտք է գտնել: Բանակցութիւններու միջոցով որեւէ լուծման սկզբնական կէտը այն է, որ տագնապը չի կրնար ուժով լուծուիլ, նաեւ այն, որ լուծումը չի կրնար գտնուիլ արտաքին կողմի միջոցով` ԵԱՀԿ-ի կամ այլ միջազգային դերակատարի մը կողմէ», յայտարարած է Զանիեր:
Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ն կրնայ միայն կողմերու երկխօսութիւն կազմակերպել եւ շրջանին մէջ վստահութեան ձեւաւորման աջակցիլ: «Մենք պիտի շարունակենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջոցով աշխատանքը, որովհետեւ միայն անոնք կրնան համաձայնեցնել խաղաղ լուծման որոնման ձեւաչափը», յայտարարած է ան:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, շփման գիծին վրայ մարդկային կորուստները ցաւալի են եւ մտահոգութիւն կը պատճառեն: «Անոնք կ՛ընդգծեն իրավիճակի վտանգաւորութիւնը եւ անկանխատեսելիութիւնը, կը յիշեցնեն ԵԱՀԿ-ի լրացուցիչ ներուժին միջոցով միջազգային հսկողութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը», ընդգծած է Զանիեր:
Զանիեր նշած է, որ տագնապի գօտիին մէջ բնակող մարդիկ արժանի են երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Ատոր կարելի է հասնիլ միայն զինադադարի դրութեան ամրապնդումով, տագնապի շփման գիծէն արձակազէններու հեռացումով` հետաքննելով շփման գիծի միջադէպերը, ինչպէս որ համաձայնուած էր նախագահներուն կողմէ:
«Ատիկա չի նշանակեր սթաթիւս քոյի ամրապնդում, ատիկա ջանք է կայունութեան ամրապնդման համար, որ կարելի ըլլայ շարունակել քաղաքական բանակցութիւնները: Միաժամանակ պէտք է մարդոց միջեւ շփումները զարգացուին, ինչ որ նոյնպէս յունուարին ամրագրուած էր նախագահներուն կողմէ Սոչիի մէջ», աւելցուցած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է համատեղել տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները, Զանիեր նշած է, որ միջազգային իրաւունքի որեւէ սկզբունք չի կրնար միւսը վերցնել:
«Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներու 19 յունիսի միացեալ յայտարարութեան մէջ, Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները կողմերուն կոչ ուղղած են ղեկավարուելու Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին սկզբունքներով` նախ եւ առաջ, ուժի եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Վստահութեան եւ խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ, երբ քաղաքացիներ ամէն օր մահուան վախի մթնոլորտի մէջ կ՛ապրին», ըսած է ան:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print




