Wednesday Jun 19, 2013

Կառավարութիւնը Սկսաւ Քննարկել 2012-Ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը

By adminx - Wed Jul 11, 7:37 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը` բացակայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերը բաց պիտի մնան, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Լիբանանի պետական պիւտճէի նախագիծը վաւերացնել:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին ընթացքին քննարկած է 30 կէտեր` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի շարունակէ պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումը:

Տեղեկատուութեան նախարարը հաստատեց, որ նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է պետական պիւտճէի նախագիծը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement