«Անհրաժեշտ Է Պահպանել Լիբանանեան Բանակը» Շեշտեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը
By adminx - Wed Jul 11, 7:35 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելով հանդերձ երկրին արդարութիւնը:
Քանաան ընդգծեց, որ արդարութիւնը բանակի պահպանումին սկզբունքին հետ չի հակադրուիր, պայմանաւ որ սակայն յարգուին սահմանադրական եւ օրինական բոլոր կանոնները:
Քանաան կարեւոր նկատեց նաեւ, որ երկրին պետական պիւտճէի նախագիծը իր ժամանակին ներկայացուի` աւելցնելով, որ իրենք կառավարութեան մէջ այդ մասին քննարկումներ կը կատարեն ժողովրդավար կերպով:
Համախմբումը ողջունեց կառավարութեան կողմէ ժողովուրդին պահանջին ընդառաջումը եւ Ժալ էլ Տիպի մէջ փապուղի մը կառուցելու իմաստով անոր հաւանութիւնը` աւելցնելով, որ շուտով այդ փապուղիի կառուցման գործնական քայլերուն պէտք է դիմել:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



