Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Զօր. Կրացիանոն
By adminx - Wed Jul 11, 7:33 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց իտալական բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն, որուն ընկերակցեցան Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ զօր. Միքիլի Սանտրին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Ալի Պեզզի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Համտան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանցի ժողովուրդէն է` աւելցնելով, որ կարելի չէ երկակի չափանիշներով վարուիլ անոր հետ եւ անոր հանգամանքը արժեզրկել:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մուհաննատին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի նախանցեալ օր Այն Թինէի մէջ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները ընդունելու ընթացքին յայտնած է, որ անոնց հարազատներուն ազատ արձակման հոլովոյթը իր վերջին հանգրուանին մէջ է:
Պըրրի առեւանգեալներուն հարազատներուն թելադրած է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ իրենց ունենալիք հանդիպումին ընթացքին խնդրեն, որ ան կապուի Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ եւ անոր յիշեցնէ, թէ Թուրքիա նախապէս օժանդակած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցիներուն ազատ արձակումին եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ ան օժանդակէ նաեւ լիբանանցիներուն ազատ արձակումին:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



