Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed Jul 11, 7:30 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
ԱՔՔԱՐԻ ժողովրդային համախմբումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Պաարինի շեշտեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը` ընդգծելով, որ բանակը երկրին ազգային միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան երաշխիքն է:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը` Ուատի Խալետի մէջ, նշելով, որ անիկա միջոց մըն է կանխարգիլելու դէպի Սուրիա զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգումը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Քուրայի մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն արձանագրելիք յաղթանակը կրնայ ներդրում ունենալ այդ ուժերուն ազգային նպատակներուն իրագործումին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, «Էֆ. 16» տիպի իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեցին Խիամի, Արքուպի, Հասպայայի, Պարուքի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ` խախտելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալներ գողցած են Շուէյֆաթի «Պիպլոս» դրամատունը եւ պատճառած երկու վիրաւոր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը մուտք գործած է Պաալպեքի Պրիթել գիւղաքաղաքը եւ ձերբակալած Ահմետ Ապտել Մաուլա Իսմայէլը, որուն դէմ բերման գիր հրապարակուած էր:
ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներու պատուիրակութեան բանբեր շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ սալաֆական շէյխեր միջամտած են առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան հանդիպում մը ունեցաւ Ժամաա Իսլամիէի Պէյրութի քաղաքական պատասխանատու Օմար Մասրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանցիներուն կողմէ բանակին զօրակցութիւնը, որպէսզի ան կատարէ իր առաքելութիւնը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին քննարկումը արդէն իսկ վերջ գտած է` աւելցնելով, որ իրենց պաշտօններուն վրայ սարակներուն հաստատումը կախեալ է օրէնքին վաւերացումէն:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը, որուն ընթացքին պէտք է լուրջ վարուելակերպ ցուցաբերել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին միասնականութեան, սակայն կը պահանջեն նաեւ արդարութեան հաստատումը Քուէյխաթի միջադէպին գծով:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն դրուատեց Քուէյխաթի միջադէպին գծով կառավարութեան տուած որոշումը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակը դիրքաւորելու որոշումը: Ան շեշտեց, որ այդ որոշումը չափ ու սահման կը դնէ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի եւ զինամթերքի մաքսանենգումին եւ զինեալներու Սուրիա մուտքին:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ զինուորական ատեանը կասկածի տակ առնելը ամբողջ դատական իշխանութիւնը կասկածի տակ առնելու համազօր է:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի զինուորական ատեանէն պահանջեց իրեն յանձնել շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր թիկնապահին սպանութեան թղթածրարը:
ՔՈՒՐԱՅԻ երեսփոխանական մասնակի ընտրութեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած թեկնածու Ֆատի Քարամ կոչ ուղղեց ապօրինի զէնքը յանձնելու լիբանանեան պետութեան կամ լիբանանեան բանակին:
ՔՈՒՐԱՅԻ երեսփոխանական մասնակի ընտրութեան Ղովմի կուսակցութեան առաջադրած թեկնածու Ուալիտ Ազար յայտնեց, որ նոյն ընտրութիւններուն իր մրցակիցը` Ֆատի Քարամ քարոզչական արշաւի առումով արդէն իսկ գերազանցած է ընտրական քարոզարշաւին համար ճշդուած առաւելագոյն գումարի պիւտճէն:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան բանակին յատկացնել ամէն տեսակի իրաւասութիւն եւ քաղաքական հովանաւորութիւն:
«ԱՐԱՊԻԱ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ վերջերս բացայայտուած երեք լրտեսները` Մոհամետ Հիւսէյնի, Ժիհատ Ժալլուլ եւ Մոհամետ Սապաա, կը գործեն իսրայէլեան Մոսատին եւ ամերիկեան «Սի. Այ. Էյ.»-ին հաշուոյն:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզ վաղը պիտի ժամանէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Պըրնզ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ հանդիպում պիտի չունենայ` նկատի ունենալով, որ նախագահ Սլէյման երկրէն դուրս պիտի ըլլայ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի եւ Մերսինի նաւահանգիստներուն միջեւ ծովային ճամբուն, ինչպէս նաեւ հանրային փոխադրութեան ստեղծումին նպատակով պասերու նուազուրդին վերաբերող հարցեր:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



