«Իրան Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Մէջ Կրնայ Դրական Դեր Խաղալ» Կ՛ըսէ Անան
By adminx - Wed Jul 11, 7:26 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Թեհրանի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Իրան Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ կրնայ դրական դեր խաղալ, իսկ առնչակից կողմերը պէտք է տագնապին շուրջ երկխօսութեան սկսին»:
Անան յայտնեց, որ ՄԱԿ կը փորձէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնել` նշելով, որ «եթէ կ՛ուզենք բռնարարքները դադրեցնել, ապա պէտք է բոլոր զէնք կրողներուն հետ խօսինք»: Ան աւելցուց, որ «Ժընեւի խորհրդաժողովին ընթացքին ըսինք, որ խաղաղ լուծում մը կը փնտռենք»` յայտնելով, որ տագնապը վնասազերծելը կարեւոր է, եւ անհրաժեշտ է «այդ զէնքերը խլելու միջոցառումներ որդեգրել»:
Անան ըսաւ, որ «սուրիական կառավարութիւնը պէտք է կարենայ զէնքերը վերահսկողութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ պէտք է ունենանք պետութիւն մը, որ կրնայ զէնքերու տարածումը արգիլել»:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անան յայտնած է, որ երկխօսութեան սեղան նստիլը վեց կէտերէ բաղկացած իր ծրագիրին գլխաւոր կէտերէն կը նկատուի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իր կարգին նշեց, որ «Անանի Սուրիա այցելութեան շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած է սուրիական տագնապը լուծելու միջոցները փնտռելու խորհրդաժողովէն ետք»` յոյս յայտնելով, որ Անան սուրիացի ժողովուրդը իր տագնապէն փրկելու լուրջ քայլերու դիմէ:
Ան ըսաւ, որ Իրան սուրիական տագնապին մէջ սուրիացի ժողովուրդին քաղաքացիական եւ բազմապիսի իրաւունքները վայելելու իրաւունքին ամբողջական կերպով կը զօրակցի` նշելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յանձնառու է սուրիացի ժողովուրդին այդ իրաւունքները ապահովելու տուած այդ խոստումին:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը` աւելցնելով, որ իր երկիրը «Սուրիոյ տագնապին վերջ տալուն կողքին է, եւ շրջանի երկիրներուն կը յանձնարարենք Սուրիոյ մէջ մեծ զգուշութեամբ գործելու, որովհետեւ որեւէ սխալ քայլ ի շահ շրջանին պիտի չըլլայ»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Ժալիլի Անանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ սուրիական տագնապին լուծումը պէտք է «սուրիական եւ առանց օտար միջամտութեան» ըլլայ:
Ժալիլի յայտնեց, որ «Ամերիկայի նման կարգ մը երկիրներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոնք չեն կրնար Սուրիոյ տագնապին լուծումին մաս կազմել»` շեշտելով, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութիւնը պէտք է զինադադարի հաստատման ջանքերուն զուգահեռ ըլլայ:
Ան Անանին կոչ ուղղեց, որ միջազգային դէտերը աշխատանք տանին Սուրիոյ մէջ զինեալ տարրերուն զէնքի մատակարարումը կասեցնելու:
Անան Իրան իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք ուղղուեցաւ Իրաք` տեղւոյն պաշտօնատարներուն հետ Սուրիոյ տագնապին շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Ուիմին սուրիական տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց Անանի միջնորդական ջանքերուն աջակցելու: Ան նշեց, որ առնչակից կողմերը տակաւին համաձայն են տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու:
Ուիմին սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց Անանի ծրագիրն ու Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, ինչպէս նաեւ Ժընեւի խորհրդաժողովէն բխած հաղորդագրութեան ոգին ու առաջարկները գործադրելու:
Ռուսական «Քրասնայա Զաւիզտա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անան կը փորձէ իր ծրագիրը վերակենդանացնել, իսկ Ժընեւի ժողովէն ետք Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման նկատմամբ յոյսի նշոյլ մը ի յայտ եկած է:
ԱՖՓ երէկ հաղորդեց, որ խումբ մը ռուսական մարտանաւեր դէպի Սուրիոյ Թարթուսի նաւահանգիստը կ՛ուղղուին:
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print




