Sunday May 26, 2013

Եգիպտոսի Լուծարեալ Խորհրդարանը Կարճատեւ Նիստ Մը Գումարեց

By adminx - Wed Jul 11, 7:24 am

Եգիպտոսի խորհրդարանը

Եգիպտոսի խորհրդարանը երէկ կարճատեւ նիստ մը գումարեց, հակառակ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին կողմէ լուծարուած ըլլալուն: Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի խորհուրդի որոշումին մարտահրաւէր եղող քայլով մը խորհրդարանին հրամայած էր նիստ մը գումարել:

Խորհրդարանի նախագահ Սաատ Քաթանի յայտնեց, որ երեսփոխանները խորհրդարանի նիստ գումարելով լուծարման Սահմանադրական դատարանի որոշումին չեն հակասեր, «այլ` յարգելի դատարանին վճիռը գործադրելու մեքանիզմները կը փնտռեն: Այսօրուան օրակարգին վրայ այլ կէտ չկայ»:

Երեսփոխանները վաւերացուցին Քաթանիի այն առաջարկը, ըստ որուն, խորհրդարանը պէտք է Սահմանադրական դատարանի վճիռին շուրջ բարձրագոյն վերադատ ատեանի իրաւաբանական խրատին ապաւինի: Ապա Քաթանի նիստը փակեց:

Կարգ մը փաստաբաններ կը հաւատան, որ խորհրդարանը ներկայիս գործնականապէս իր իշխանութիւնը եգիպտական բանակէն խլելով նախագահին յանձնեց:

Կը նախատեսուէր, որ երկրի բարձրագոյն վերադատ ատեանը խորհրդարանի լուծարման, սահմանադրութեան բանաձեւման յանձնախումբին եւ սահմանադրութեան յաւելուածի յայտարարութեան շուրջ իր վճիռը արձակէ, սակայն ատոր յայտարարութիւնը յետաձգեց երեքշաբթի, 17 յուլիսին:

Սահմանադրական դատարանը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր վճիռը «վերջնական է եւ ոչ վիճարկելի»: Յայտարարութիւն մը, որ ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի, ոմանց կողմէ նորընտիր նախագահին ուղղուած մարտահրաւէր մը եւ զգուշացում մը կը նկատուի:

 

Leave a Reply

Advertisement