24 Յուլիսին Պոլսոյ Մէջ Իրան-«5+1» Բանակցութիւններ
By adminx - Wed Jul 11, 7:23 am
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ «5+1»-ի (Ապահովութեան խորհուրդի հինգ անդամներ + Գերմանիա) բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 24 յուլիսին` Պոլսոյ մէջ:
Կողմերը բանակցութիւնները պիտի շարունակեն 3 յուլիսին դարձեալ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած փորձագէտներու միջեւ քննարկումին արդիւնքներուն հիման վրայ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի մամլոյ բանբերը յայտնած է, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին թէ՛ գոյութիւն ունեցող բացթողումները, թէ՛ ալ հոլովոյթը յառաջ մղելու եղանակները:
18-19 յունիսին Մոսկուայի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու երրորդ հանգրուանին ընթացքին «5+1»-ն ու Իրանը համաձայնութիւն գոյացուցած էին բանակցութիւնները շարունակելու:
Մոսկուայի փուլին նախորդած էին Պոլսոյ մէջ 14 ապրիլին եւ Պաղտատի մէջ 23-24 մայիսին տեղի ունեցած բանակցութիւնները:
Հակառակ շարունակուող բանակցութիւններուն, յուլիսի մէկէն սկսեալ ուժի մէջ մտաւ իրանեան քարիւղի վաճառքին դէմ հաստատուած եւրոպական երկիրներու պոյքոթը:
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print



