Saturday May 18, 2013

Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքներու Պաշտօնական Բացում

By adminx - Wed Jul 11, 7:20 am

Երէկ` երեքշաբթի, 10 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00¬ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքներու պաշտօնական բացումը, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի «Եղիշէ Չարենց» սրահին մէջ: Ներկայ էին սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած տարբեր ծրագիրներու մասնակիցներ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներ ու ուսանողներ:

Ներկաները ողջունեց Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի ղեկավար Նաղաշ Մարտիրոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այդ օրը յիշատակելի պիտի մնայ բոլորին մտքերուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս հայութիւնը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, զորս արձանագրողը լրագրողը պիտի ըլլայ: «Պատմութիւն կերտողը ժողովուրդն է, իսկ զայն կենդանի պահողը, տարածողը, սերունդներուն  փոխանցողը լրագրողն է», հաստատեց ան:

Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախագահ Ռ. Մարկոսեան խօսք առնելով յատկապէս անդրադարձաւ այն հանգամանքին, որ սփիւռք ունենալու համար կարեւոր են սփիւռքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն հետ տարուող աշխատանքները, անոնց փոխգործակցութիւնը հայաստանեան երիտասարդական կազմակերպութիւններուն հետ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ա. Մխիթարեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց ծրագիրը: Ան ըսաւ. «21-րդ դարուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, համայնքները վերակազմաւորման նոր հոլովոյթի սկսած են եւ այդ մէկը կրնայ ընել այն հայը, որ կը տիրապետէ ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններուն, կարողութիւն ունի համախմբելու եւ առաջնորդելու համայնքը: Այս պատճառով է, որ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով սփիւռքի նախարարութիւնը կը կազմակերպէ այս դասընթացքները»:

Ապա բեմ բարձրացան նախորդ տարի նոյն դասընթացքին մասնակցած երիտասարդներ, որոնք փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները:

Նարէ Գալեմքերեան (Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի)

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան համալսարանի պարախումբն ու երգչախումբը:

Այս հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի շրջանաւարտներու վկայականի տուչութիւն: Յատկանշական էր, որ վկայականները յանձնուեցան սփիւռքի լրագրողներու դասընթացքի մասնակիցներուն կողմէ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք¬խրախճանք, որուն մասնակցեցան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած տարբեր ծրագիրներու մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Նշենք, որ այս ծրագիրին «Ազդակ»¬ի կողմէ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նարէ Գալեմքերեան:

Leave a Reply

Advertisement