«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» Դարձեալ Կը Ստանձնէ «Ոսկիէ Ծիրան» Փառատօնի Գլխաւոր Հովանաւորութիւնը
By adminx - Wed Jul 11, 7:19 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ սկսած է աշխարհի լաւագոյն փառատօներու տասնեակին մէջ յայտնուած «Ոսկիէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը, որ կ՛իրականացուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Մշակոյթներու բազմազանութիւն խոստացող այս փառատօնը հայ հանդիսատեսին կը ներկայանայ 9-րդ անգամ ըլլալով:
Խորհրդանշական է, որ Երեւանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին բացումը կ՛ազդարարուի Համօ Բեկնազարեանի` «Շոր եւ Շորշոր» կատակերգութեամբ: Շարժապատկերի փառատօնը պահպանած է արդէն աւանդութիւն դարձած «Երեւանեան առաջին ցուցադրութիւններ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» արտամրցութային ծրագիրները: Այդ շարքին մէջ նորութիւն է «Գիրք եւ շարժապատկեր» ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելու առիթով:
«Շարժապատկերը դէպի անծայրածիր տիեզերք բացուող պատուհան է եւ մարդկային ճակատագիրներու խառնարան: Արուեստի այս ճիւղը աշխարհը իր ամբողջ բազմազանութեամբ ներկայացնելու եւ ատոր նկատմամբ անսահման սէր սերմանելու առաքելութիւն ունի: Համոզուած եմ, որ միջմշակութային հարթութեան վրայ հայկական շարժապատկերի մասնագէտը ունի իր կարեւոր խօսքը պատուով հրամցնելու եւ մեր երկրի վարկանիշը արժանի հարթակի վրայ ներկայացնելու դերը», ըսաւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



