Saturday May 25, 2013

«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջը «Ախպար»-ին Կ՛ուղարկէ Ընդվզումի Նամակ Մը

By adminx - Wed Jul 11, 7:17 am

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը իր չորեքշաբթի, 4 յուլիս 2012-ի թիւով ժամանցի բաժինի խաչբառի հարցումներուն մէջ ներառած էր հետեւեալ հարցադրումը` «Անիկա Թուրքիոյ մէջ ամէնէն բարձր լեռնագագաթը, քնացած հրաբուխ է, ծածկուած ձիւնով, իր գագաթին վրայ կայք հաստատած է Նոյեան տապանը»:

Իսկ  հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012 -ի իր թիւով թերթը վերոյիշեալ հարցումին իբրեւ պատասխան նշած է Արարատը` «Արարաթ» ձեւով, օգտագործելով արաբերէն (թա) տառը:

Այս հարցով «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը «Ախպար»-ին ուղարկեց ընդվզումի նամակ մը, որպէսզի արաբ ընթերցողին պատմական տուեալները ճիշդ հասնին եւ թերթին վարկը միշտ բարձր պահուած մնայ` հաստատելով, որ Արարատը պատմականօրէն կը գտնուի Հայաստանի հողատարածքին վրայ եւ ներկայիս կը գտնուի Արեւմտահայաստանի մէջ` Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հողատարածքին վրայ` հաշուի առնելով նաեւ, որ Արարատը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդին:

http://www.aztagarabic.com/archives/5567

 

Leave a Reply

Advertisement