Monday May 20, 2013

Արցախեան Գոյավիճակի Օրագրէն

By adminx - Wed Jul 11, 5:46 am

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Միացեալ Նահանգներ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կովկասեան բարձրաւանդակ այցելութիւնը եւ ասոր հետ զուգընթաց, ազերի կողմին հետեւողական ձեւով կազմակերպուած յարձակումները, ապա Փարիզի մէջ կատարուած վեհաժողովը որոշ հեւք մը, ժամացոյցի դէմ մրցում մը ստեղծեցին, որոնց եզրակացութիւնը կարելի է դիւրութեամբ գտնել, հազիւ շաբաթ մը առաջ, Ուաշինկթընի հանրահռչակ «Ճոն Հոփքինս» համալսարանին մէջ տեղի ունեցած մէկ գիտաժողովին:

Արդարեւ, ակադեմական բարձր մակարդակի այս գիտաժողովին նիւթը հետեւեալն էր. «Կովկասեան հակամարտութիւններու կանխումը. արդեօ՞ք ի նպաստ Ռուսաստանի է, թէ՞ ոչ»: Մասնակցողներու շարքին էր նաեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Միացեալ Նահանգների նախկին դեսպան  Ճոն Էվընս:

Այս գերհետաքրքրական եւ արցախեան հիմնահարցը մօտէն քննող գիտաժողովը  եզրակացուց, թէ Միացեալ Նահանգները, կովկասեան հարցին մէջ պէտք է անպայման նկատի ունենան ռուսական գործօնը, եւ այդ իսկ պատճառով` ոչ մէկ քայլ ու որոշում առնել, որ կրնայ զայրացնել եւ ջղագրգռել Քրեմլինը:

Այսպէս, խաղաղապահ կամ զսպիչ ուժերու տեղադրում Արցախի սահմաններուն շուրջ, բնականաբար «երազային» կարելի է նկատել, յատկապէս երբ այդ խաղաղապահներուն կարգին նկատի առնուի Արեւմուտքը, որուն զինուորներուն հեռադիտակներուն ուղղութիւնն ու կիզակէտը Արցախէն աւելի…հարաւային Իրանի սահմաններ պիտի ընդգրկեն:

Ամերիկացի քաղաքագէտներ եւ դեսպանութեանց մէջ գործող մասնագէտներ, բազմիցս կատարած են իրենց թելադրանքը, թէ երբեք տեղին չէ այդ տարածաշրջանէն ներս,  որուն մաս կը կազմէ բնականաբար Արցախը,  հակադրութիւն ստեղծել եւ ճնշում բանեցնել Փութինի ղեկավարութեան վրայ:

Հետեւաբար ապահովական կացութեան որեւէ վատթարացում կամ պատերազմի հաւանականութիւն, կրնայ մտահոգել Ռուսիան, որ արդէն իսկ աշխարհագրականօրէն իր սահմաններէն աւելի հեռու` Սուրիական «տաք ջուրեր»-ու գծով բաւական բազմազբաղ է:

Միեւնոյն ժամանակ տարածաշրջանային հետեւողական եւ ամբողջական խաղաղութիւն մը կրնայ տկարացնել կամ լուսանցքի տակ առնել Քրեմլինի ազդեցութիւնը:

Այսպէս, «ո՛չ պատերազմ եւ ո՛չ ալ խաղաղութիւն» գործելաձեւը ստեղծած է իւրայատուկ գոյավիճակ մը, եւ առ այդ Մոսկուա, մերթ ընդ մերթ մտահոգուելով եւ հետաքրքրութիւն ցոյց տալով, հանդիպումներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ երկխօսութեան շարունակութիւնը:

Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ եզրակացնելը,  թէ տասնեակ մը օր առաջ կատարուած բանակցութիւնները Մոսկուայի կողմէ հրահրուած կրկնակի անհրաժեշտութիւն էին հակամարտող կողմերու սահմանին ծայրայեղ լարուածութեան:

Այս է ներկայս արցախեան գոյավիճակի օրագիրը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement