Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահի Մասնակցութիւնը` «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին
By adminx - Tue Jul 10, 7:20 am
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print
5-8 յուլիս 2012-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը մասնակցեցաւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած արուեստի ցուցասրահներու միջազգային ցուցահանդէսին: «Պիել»-ի մէջ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Ափրիկէէն շուրջ 50 ցուցասրահներ եւ արուեստի կեդրոններ: Ցուցահանդէսին յատուկ տաղաւարներ տրամադրուած էին նաեւ արուեստի այլ մարզերու ցուցադրութեան:
Ժամանակակից արդի կերպարուեստի եւ գեղանկարչութեան զանազան դպրոցներու ստեղծագործական արտայայտութիւնները իրենց դրոշմը դրած էին ցուցահանդէսին վրայ:
Համազգայինի ցուցասրահը իր տաղաւարին մէջ ներկայացուց լիբանանահայ գեղանկարիչներ Հրայրի, Միսաք Թերզեանի եւ Ակոբեանի գործերը, ինչպէս նաեւ հայրենի քանդակագործ Կակոյի ստեղծագործութիւններէն նմուշներ: Անհրաժեշտ է նշել, որ տաղաւարը ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն եւ արժանացաւ բոլոր այցելուներուն գնահատանքին:
Համազգայինի տաղաւարի այցելուներու շարքին էին լիբանանցի երեսփոխաններ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, դեսպաններ, արուեստի դասախօսներ եւ արուեստաբաններ ու Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ մեծ թիւով արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Ցուցահանդէսին ակներեւ էր մեծ թիւով երիտասարդութեան ներկայութիւնը:
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print







