«Տագնապը Ուժի Կիրարկումով Պիտի Չլուծուի» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-Ի Ընդհանուր Քարտուղարը
By adminx - Tue Jul 10, 7:53 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր, որ երէկ Ազրպէյճան կը գտնուէր, Երեւան պիտի այցելէ: Ան Պաքուի մէջ ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար քաղաքական կամքի կարիքը կայ` նշելով, որ տագնապը հսկայական վտանգ կը ներկայացնէ շրջանի անվտանգութեան եւ կը խոչընդոտէ Հարաւային Կովկասի տնտեսական յառաջընթացը:
«Տագնապը պիտի չլուծուի ուժի կիրարկումով», ըսած է ան` յայտնելով, որ «լրջօրէն մտահոգուած» է հայ-ազրպէյճանական սահմանին ու շփման գիծին վրայ վերջին միջադէպերուն առնչութեամբ: «Հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը լուրջ անհանգստութեան պատճառ կու տան: Նման միջադէպերը անընդունելի են, որովհետեւ անոնց պատճառով մարդիկ կը զոհուին», ըսած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Ան նաեւ անընդունելի նկատած է տագնապի գօտիին մէջ գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն:
Զանիեր նշած է, որ ԵԱՀԿ-ն կ՛առաջարկէ շարք մը միջոցներ` շփման գիծէն արձակազէններու հեռացման, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման, ինչպէս նաեւ սահմանային միջադէպերը հետաքննելու մեքանիզմներու ստեղծման համար:
Ասիկա Զանիերի Հարաւային Կովկաս առաջին այցելութիւնն է: Ան 10 եւ 11 յուլիսին Պաքուէն պիտի մեկնի Թիֆլիս եւ Պաթումի: Իսկ շրջան այցելութիւնը պիտի աւարտէ Երեւանի մէջ, ուր 11 եւ 12 յուլիսին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print




