Monday May 20, 2013

«Ռուսիա Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Ձեռք Բերուելիք Համաձայնութեան Երաշխաւորը Դառնալու» Կ՛ըսէ Սերկէյ Նարիշքին

By adminx - Tue Jul 10, 7:52 am

Սերկէյ Նարիշքին

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին Պաքուի մէջ ուսանողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ գտնուի տագնապի լուծման այնպիսի միջոց, որ կը բաւարարէ երկու կողմերը, ապա Ռուսիա պատրաստ պիտի ըլլայ հանդէս գալու իբրեւ այդ համաձայնութեան երաշխաւորը:

Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է: «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի պատրաստ բանաձեւերով լուծման դէմ ենք: Մենք համոզուած ենք, որ այդ խնդիրը պիտի լուծուի, եթէ երկու կողմերուն շահերը բաւարարուին: Ռուսիա պատրաստ է այդպիսի համաձայնութեան երաշխաւորը դառնալու: Սակայն տագնապի լուծման պատասխանատուութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն վրայ», ըսած է ան:

Նարիշքին յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները տասը անգամ հանդիպած են: «Այդ հանդիպումները կարելի չէ բացարձակապէս անարդիւնաւէտ նկատել: Անոնք թոյլ տուած են բացայայտել կողմերուն դիրքորոշումը` տագնապի լուծման ճամբուն վրայ», ըսած է ան:

Տումայի նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն նկատմամբ: «Մենք միշտ ներկայացուցած ենք  ուժի կիրարկման եւ սպառնալիքի անընդունելիութեան մեր դիրքորոշումը: Ես լաւատես եմ եւ յոյս ունիմ, որ այդ տագնապը խաղաղ լուծում պիտի ունենայ», ըսած է Նարիշքին:

 

Leave a Reply

Advertisement