Wednesday Jun 19, 2013

Կառավարութիւնը Որոշեց Շէյխ Ապտել Ուահետի Սպանութեան Թղթածրարին Իմաստով Հետաքննութիւնը Խորացնել

By adminx - Tue Jul 10, 7:50 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Քուէյխաթի մէջ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութիւնը Արդարադատութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շրջանին դիմագրաւած հարցերն ու վկայած իրավիճակը յաւելեալ լրջութեան կարիքը ունին եւ կ՛ենթադրեն, որ իմաստուն կերպով եւ խիղճով կարելի ըլլայ շրջանցել այս հանգրուանը:

«Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է հարցերը թեթեւցնենք, մեղմացնենք եւ լուծումներ գտնենք, որովհետեւ մենք Լիբանանի մէջ քաղաքական վարչակարգ փոխելու հարց չունինք: Ունինք Թաէֆի համաձայնագիրը, որ իւրաքանչիւրին իրաւունքը ճշդած է», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի հարցով բանտարկուած զինուորականները ազատ արձակուած են, որովհետեւ զանոնք արգելափակուած պահելու ժամկէտը աւարտած է, երբ տակաւին անոնց դէմ ամբաստանութիւնը չէ արձակուած:

Նախագահ Սլէյման կառավարութեան յայտնեց, որ ինք աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ֆրանսա:

Կառավարութիւնը շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութեան հարցը Արդարադատութեան խորհուրդ չփոխանցեց, այլ` որոշեց շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութեան հարցով բացուած հետաքննութեան մէջ խորանալ եւ այդ իմաստով ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան պատասխանատու նշանակեց հետաքննութեան հետեւելու:

Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ լիբանանեան բանակը դիրքաւորել հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ:

Աքքարի բնակիչները եւ պատասխանատուները, որոնք կառավարութեան որոշումին հիման վրայ պիտի ծրագրէին մագլցողական քայլերու եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմել, ուղղակի հակազդեցին կառավարութեան որոշումին:

Երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութեան թղթածրարին իմաստով հետաքննութեան խորացումը կը հանգստացնէ իրենց սրտերը, թէեւ իրենք կը նախընտրէին, որ այդ թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդ փոխանցուէր: Ան ըսաւ, որ կառավարութեան որոշումը դրական է` աւելցնելով, որ իրենք բանակէն կը պահանջեն պաշտպանել քաղաքացիները:

Նշենք, որ կառավարութիւնը կազմեց նաեւ նախարարական յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Միքաթիի: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ քննարկել հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն յանձնելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, պետական նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ իրենք խստիւ կը մերժեն Քուէյխաթի դէպքին վերաբերող թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդ փոխանցել:

Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութեան թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդ փոխանցելու որոշումը կը հարուածէ լիբանանեան բանակին հեղինակութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ե՛ւ Արդարադատութեան խորհուրդը, ե՛ւ զինուորական ատեանը արտակարգ ատեաններ են, որոնց նկատմամբ պէտք է յարգանք ունենալ:

Միւս կողմէ, սակայն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ շէյխ Ապտել Ուահետի սպանութեան թղթածրարը փոխանցուի Արդարադատութեան խորհուրդ:

Leave a Reply

Advertisement