Friday May 24, 2013

Խորհրդարանի Նախագահը Շեշտեց Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը Հետապնդելու Յանձնառութիւնը

By adminx - Tue Jul 10, 7:47 am

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները, որոնց հետ քննարկեց անոնց հարազատներուն տունդարձին վերաբերող հարցեր:

Երկարատեւ հանդիպումէ մը ետք առեւանգեալ լիբանանցիներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ իրենք տակաւին առիթ պիտի տան իրենց առեւանգուած հարազատներուն ազատ արձակումին նպատակով տարուող ճիգերուն:

Անոնք աւելցուցին սակայն, որ համբերութիւնը սահման ունի:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծած է առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման ջանքերը հետապնդելու իր յանձնառութիւնը:

Այս ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով:

«Էն. Պի. Էն.» նշեց, որ Տաւութօղլու Պըրրիին խոստացաւ կրկնապատկել ջանքերը առեւանգեալները ազատ արձակելու եւ զանոնք իրենց ընտանիքներուն ու հայրենիքին վերադարձնելու առումով:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը պժգայ Լիբանանի պարզած ներքին իրավիճակէն` աւելցնելով, որ ինք կը զգայ, թէ կը գտնուի թատրոնի մը առջեւ եւ շուարած է, թէ այդ թատրոնը երգիծակա՞ն է կամ ողբերգական:

 

Leave a Reply

Advertisement