Monday May 20, 2013

Զօր. Աուն Կը Հաստատէ Սէյիտ Նասրալլայի Հետ Իր Յարաբերութեան Զօրութիւնը

By adminx - Tue Jul 10, 7:42 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի, որ քննարկեց լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցեր:

Բագրատունի յայտնեց, որ բանակը զօր. Աունի մտքին եւ խիղճին մէջ է` աւելցնելով, որ բանակն է Լիբանանի մնայուն երաշխիքը:

«Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը քաղաքական երաշխիք մըն է, որ կրնայ խախտիլ, սակայն բանակը` երբեք: Հետեւաբար, կը հաւատամ, որ Սայտայի թէ Աքքարի մէջ արձանագրուած պատահարներուն շրջագիծին մէջ բանակն է թիրախ դարձողը», ըսաւ ան:

Բագրատունի աւելցուց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ներկայիս արձանագրուած իրադարձութիւնները նման են 1982-ին հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան որոշ շրջան մը բանակէն պարպել կը նշանակէ Լիբանանի դէմ պատերազմը երաշխաւորել:

Քերիմ Բագրատունի շեշտեց կառավարութեան միասնականութեան եւ բանակին նկատմամբ անոր քաղաքական որոշումին ու ապահովութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ Լիբանանի խաղաղութեան մասին պատրաստուած ուսումնասիրութեան մը ներկայացումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ազդուի Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող ամէն տեսակի զարգացումներէ:

«Մենք մեր կարելին պիտի ընենք` նուազեցնելու համար «ջերմութիւնը», այլ խօսքով` «պաղեցնելու մթնոլորտը», որպէսզի կարենանք կանխարգիլել հաւանական որեւէ պայթում», ընդգծեց զօր. Աուն: Ան հաստատեց, որ պայթումի պարագային ոչ ոք պիտի կարենայ փրկուիլ տիրող այս կացութենէն:

Զօր. Աուն զգուշացուց Ուաշինկթընի կողմէ ի գործ դրուող այն փորձերէն, որոնց հիման վրայ հիւսիսային Լիբանանի մէջ անջատման գօտի ստեղծելու փորձեր կը կատարուին` ընդգծելով, որ նման նախաձեռնութեան մը նպատակն է ստեղծել ապահով գօտի մը` Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու նպատակով:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը ամուր է:

Ան հաստատեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ շէյխ Ապտել Ուահետի սպանութեան թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդ փոխանցել, որովհետեւ այդ մէկը լիբանանեան բանակին վնաս կը հասցնէ:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ կառավարութենէն հրաժարելու հաւանականութիւնը տակաւին առկայ չէ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement